Մխիթար Գալեանը ծնուեր է 2000թ Օգոստոս 17-ին։ 2006թ հաճախեր է Յովհաննէս Իսակովի անուան թիւ 132 հիմնական դպրոց։ Աւարտեր է 9-րդ դասարանը եւ ընդունուեր թիւ149 աւագ դպրոց։
2018թ ընդունուեր է նոյն համալսարանի «Քաղաքագիտութեան» բաժինը, որտեղ սովրեր է 4 ամիս։ 2019 Հունվար 17-ին զորակոչուեց։ Կը ծառայեր Արցախին Հադրութ քաղաքին զորամասը։ Դեռ մանկութենէ կը սիրեր ինքնուրոյնութիւնը: Բնաւորութեամբ լիդեր էր, ընկերասէր, ուրախ, տաքարիւն, նպատակասլաց, ապացոյցն այն է, որ նպատակ դրեց ընդունուիլ համալսարանն անվճար ու այդպէս ալ ըրեց։
Ծառայութեան ընթացքը երբեք չի բողոքեր, իր մօտ ամէն ինչ լաւ էր, ատանկ միշտ կը պատասխաներ նոյնիսկ պատերազմին օրերուն։ Նա նաեւ խիզախ է եղեր ռազմի դաշտը։ Իր հրամանատարի՝ Ալբերտ Խաչատրեանի մահէն ետք ինքն է վարեր մարտը, իր վրայ վերցուցեր բոլոր դժուարութիւնները։Այս օրերուն ամէն հերոսացած զինւորին անուան հետ մեկտեղ կը հնչեն նաեւ իրենց հերոսութիւններու մասին պատմութիւնները: Մխիթարը եւ Հայկը ծանր մարտերու ժամանակ, երբ կը լսեն նահանջին հրամանը, կը վերադառնան իրենց վիրաւոր ընկերը փրկելու, եւ իրենց իսկ մարմինով, իրենց իսկ կեանքի գնով կը պաշտպանեն եւ կը փրկեն ընկերը: