Հայերու եւ հայոց լեզուի ծագման վերաբերեալ մինչ այժմ առաջ են քաշուեր բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ տեսակետներ ու վարկածներ, որոնց հիմքը ընկած են տարբեր գիտութիւններէն վերցուած փաստեր՝ դիցաբանութենէ մինչեւ լեզվաբանութիւն: Ուսումնասիրութիւններէն շատերը կարելի է համարիլ նաեւ բազմակողմանի, քանի որ ատոնղ մէջ յիշեալ խնդիրները կը քննարկուին քանի մը գիտակարգերու տուեալներու համադրմամբ: Այն, որ հայերէնը բնոյթով հնդեվրոպական լեզու է, իսկ այդ լեզուի կրողներն ալ հնդեվրոպական ցեղերէն են եղեր, լեզուաբանական եւ հարակից այլ գիտութիւնները շուտունէ  են ապացուցեր, եւ այստեղ տարակարծութիւններ չկան: Միեւնոյն ժամանակ, հնդեվրոպական լեզվաբանութեան սկզբնաւորումէն  ի վեր, մինչ օրս տարբեր հետազոտողներու կողմէն կը վիճարկուեր  հնդեվրոպացիներու նախահայրենիքի կամ ընդհանուր հնդեվրոպական նախնական լեզուատարածքին խնդիրը, որը կարեւոր նշանակութիւն ունէ ոչ միայն հնդեվրոպացիներու եւ հնդեվրոպական նախալեզուի, այլեւ առանձին ցեղակից լեզուներու եւ ատոնց կրողներու ծագման ու ձեւաւորման հանգամանքներու բացայայտման գործին մէջ։

Նշինք նաեւ, որ տեսակետներէն այսօր առաւել հավանական կը յամարուի հնդեվրոպացիներու փոքրասիական ծագման վարկածը, որը, կը կարծենք, բավականաչափ հիմնաւորուած է, եւ նոյնիսկ նախկինը հնդեվրոպացիներուն եվրոպական ծագում վերագրող աւանդական տեսակետին կողմնակիցներն այլեւս այս դրոյթը չեն ժխտեր: Տարակարծութիւնները հիմնականը կը վերաբերեն այն հարցին, թէ Փոքր Ասիոյ յատկապէս որ մասն են նախապէս բնակուեր  հնդեվրոպական ցեղերը: Նշինք նաեւ, որ մեզ մէջ այսօր առաւել ընդունելի կը յամարուի  այն տեսակետը, որ անոնք զբաղեցուցեր են Փոքր Ասիոյ արեւմտեան կամ Հայկական բարձրաւանդակն ընդգրկող տարածքները, որը օտարազգի շատ գիտնականներու կողմէն միանշանակ չի ընդունուեր: 20-րդ դարին սկզբներուն՝ ասանկ կոչուած «նոստրատիկ լեզվաբանութեան» հիմնադրումէն ետք, առաջ քաշուեց այն դրոյթը, որ հնդեվրոպացիները, նախապէս տարածուած ըլլալով  Առաջաւոր Ասիոյ հարաւային տարածքները, միասնութիւն են կազմեր  նաեւ այլ՝ ոչ հնդեվրոպական, մասնաւորապէս՝ սեմական, կովկասեան եւ ուրալեան լեզուներու կրողներու հետ, իսկ աւելի ուշ առանձնանալով տեղափոխուեր են դեպի հիւսիս: