Հոկտեմբեր 26-ին տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրական հանձնաժողովի կազմակերպած 33-րդ Zoom հանդիպումը։ Հանդիպման թեման էր ՝ «Արեւմտեան Հայաստանը եւ Արցախը»։ Հանդիպման ընթացքը՝  Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեանը հանդէս եկաւ ելոյթով, ներկայացոյց օրենքներ և որոշումներ, որոնք գործուն դեր կը կատարեն պետութեան կայացման եւ ամրապնդման համար։ Նելլի Յարութիւնեան ներկայացոյց փոքրկ պատմական ակնարկ, որտեղ հստակեցոյց, թէ ինչու Արցախ կը յամարուի Արեւմտեան Հայաստանի մաս։ Տիկին Յարութինեան նշեց, որ ՝ Արցախ, որը նաեւ՝ Արձախ, Արցախամայր է կոչուեր։ Պատմական Մեծ Հայքի տասներորդ նահանգն է և ընդգրկում է  Փոքր Կովկասին արեւելեան եւ Հայկական Լեռնաշխարհի հիւսիսարեւելեան մասը։ Մայրաքաղաքն էր իշխանանիստ Սոդքը կամ Ծաւդեքը, իսկ Առանշահիկներու թագաւորութեան շրջանը՝ Դիւթական աւանը։ 

Հայաստանի աղետէն տուժածներուն միջամտութեան եւ շտապ օգնութեան կառոյց ստեղծելու առաջարկով ելոյթ ունեցաւ ՝ 2023 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու համար Արեւմտեան Հայաստանի ընտրական հանձնաժողով դիմած երեսփոխանութեան թեկնածու  ՝ Մուրադ Սուրենեանը։ 

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը zoom  հանդիպման ժամանակ անդրադարձ  կատարեց ` Շուշեցիներու բողոքներուն հիման վրայ Բաքուի իշխանութիւններու դէմ կազմուած հայցադիմումներու ներկայացման եւ Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարան ընթացող գործընթացի մանրամասներուն եւ յայտնեց, որ առաջին դատավարութիւնները կսկսուին մինչեւ տարեվերջ։ Կարեւորուց այդ դատավարութեան քաղաքական նշանակութիւնը, որովյետեւ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը այդ յայտով ընգծեր է իր տարածքը գտնուող Շուշի քաղաքէն Ադրբեջանական զաւթիչներու դուրսբերման պահանջը: