Վրաստանը պատրաստ է հանդես գալ որպէս առարկայական եւ չեզոք միջնորդ Երեւանի  եւ Բաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու մէջ:  Այդ մասին այսօր՝ Թբիլիսի Բաքուի վարչապետ Ալի Ասադովի հետ հանդիպումէն  ետք  կայացած ճեպազրոյցին  յայտարարեր է Վրաստանի վարչապետ Իրակլրի Ղարիբաշվիլին։

«Վրաստան՝ որպէս երկու երկրներու (Արևելյան Հայաստանի և Ադրբեջանի) անաչառ, չեզոք, օբյեկտիւ բարեկամ շահագրգռուած է, որպէսզի մեր տարածաշրջանը երկարաժամկետ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատուի:  Մենք, մեր երկիրը եւ ես՝ որպէս կառավարութեան ղեկավար, պատրաստ ենք մասնակցիլ ատոր»,- յայտարարեր է  Ղարիբաշվիլին։

Աւելի վաղ, Վրաստանի կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը յայտներ էր, որ Թբիլիսի «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային համաժողովի շրջանակները կայացեր է Արեւելեան Հայաստանի եւ Բաքուի վարչապետներու հանդիպումը, որու միջնորդը եղեր է Վրաստանի կառավարութեան ղեկավարը։ Հանդիպումը տեւեր է քանի մը ժամ։ 

Վրաստանը քանի մը անգամ, որպէս միջնորդ, հանդէս է եկեր Արեւելեան Հայաստանի եւ Բաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով։ Մասնաւորապէս, Վրաստանի միջնորդութեամբ 2021 թուականի հունիսը Բաքուն   Արեւելեան Հայաստանին է փոխանցեր 15 զինծառայողի, իսկ Երեւանը Բաքու է ուղարկեր ականապատ դաշտերու քարտեզները։ Միջնորդութեան մէկ այլ օրինակ էր Արեւլեան Հայաստանի եւ Բաքուի ԱԳ նախարարներ Արարատ Միրզոեանի եւ  Ջեյհուն Բայրամովի հանդիպումը, որը տեղի ունեցաւ 2022 թուականի Հուլիս 16-ին Թբիլիսի: