Օսմանեան կայսրութեան մէջ սուլթան Աբդուլ Համիդ II-ի վարած հակահայկական քաղաքականութեանը եւ Մեծ Բրիտանիոյ վարած քաղաքականութեանը  ՝ «Արձագանք» թերթին խմբագրակազմը եւս առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը դարձներ։ Տպագրուած յօդուածներու մէջ։ Կը նկատուի որոշակի յոյս Սասունին կոտորածին` Մեծ Բրիտանիա տեղ գտած արձագանքի` հայերու համար ունենալիք դրական յետևանքներու հետ: Այնուամէնայնիւ, թերթին մէջ  հետագա տարիներուն Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն  կոտորածին ծաւալումը խմբագիրներուն կը ստիպէ  վերջնականապէս հիասթափուիլ Եվրոպայէն եւ անոր վարած քաղաքականութենէ: Այսպէս, 1897թ. լոյս տեսած յօդուածին մէջ մը կը կարդանք. «Եւ ի՞նչ եղաւ, ճշմարիտ, ի՞նչ կը տեսնենք  այժմ, ո՞վ կը ղեկաւարէ Եւրոպային քաղաքականութիւնը, ո՞վ կը կարգադրէ Արեւելքին գործերը: Թող տէօրիտիկները դեռ յուսան թէ կարգադրողը Եւրոպան է, բայց փաստերու օղակը ցոյց կու տա  եւ կաղաղակէ, որ հրապարակի տէրը Թիւրքիան է, այդ հասարակաց անառակը, որմէ եւրոպական ամէն պետութիւն մը  կը սպասէ  իւր բաժինը… Հայոց երկիրն աւերուեց, հարիւր հազարաւոր աշխատասէր, քրիստոնեայ, քաղաքակրթութեան ընդունակ ժողովուրդ ցիր և ցան եղաւ աշխարհի բոլոր կողմերը, ենթարկուելով վատասեռուելու սոսկալի վտանգին, Կրետէն աւերուեց, Յունաստանն ստորացաւ, Թեսաղիան աւերակներու եւ մոխրի կոյտ դարձաւ և այդ բոլորը Եւրոպայի, քրիստոնեայ Եւրոպայի բարեհաճ համաձայնութեամբ, «քաղաքակրթուած» Եւրոպայի, որ ահա տարիներ շարունակ «ծրագրներ» կը կազմէ  Թիւրքիոյ բարենորոգման համար, կը խօսէ Թիւրքիոյ բնաջինջ ընելու  մասին, ծրագրներ կը կազմէ  Թիւրքիոյ բաժանման մասին եւ այլն: Եւ այդ ծրագրներէն ո՞րն իրականացաւ: Եւ ոչ մէկը» Նմանատիպ դիտարկումներ են առկա նաեւ «Մշակ»-ին մէջ: Ըսպէս, 1894թ. դեկտեմբերեան համարներէն մէկին մէջ  կը կարդանք յետեւեալը. «Հիմայ երեւակայեցէք մեր դրութիւնը անանկ երկրին մը մէջ, ուր 24 գիւղ այրող եւ հազարաւորներու անգթաբար սրի ճարակ անողները շքանշանի կարժանանան․․․Եւրօպան այդ 61-դ յօդուածը դնելով եւ չիրագործելով, մեզ աւելի թշուառացուց: Թիւրք կառավարութիւնն որպէսզի հայաբնակ գաւառներու մէջ բարեկարգութիւններ մտցնելու չը ստիպուի օր մը, սիստեմատիկաբար կաշխտի հայերը հարստահարելով, կոտորելով, գաղթեցնելով, հայերը ջնջիլ եւ այլ եւս հայաբնակ գաւառներ չունենալ…»: