Արեւելահայ մամուլին առաջիններէն մէկը, որ արձագանքեր է Սասունին կոտորածներուն, «Մուրճ» լրագիրն էր: Այս առումով պետք է առանձնացնիլ «Սասնոյ դէպքերը» յօդուածը, որտեղ կը տրուին  վիճակագրական տուեալներ ինչպէս ապստամբներու, այնպէս ալ հարձակուող մուսուլմաններու թուաքանակի վերաբերեալ. «…աներեւակայելի արագութեամբ բոլոր շրջակայ կուսակալութեանց զօրքերը դիմեցին ի Մուշ, ուստի այլ մը  7869 յետեւակներ, 2000-ի չափ հեծեալներ, եւ 150 թնդանօթաձիգներ ուղեւորւեցան ի Սասուն: Ռուսական եւ պարսկական սահմանագլուխէն սկսեալ բոլոր ցեղերը գունդ-գունդ դիմեցին այնտեղ. միայն Բայազիտի հայդարանցիք 300 հեծեալներով, որով կարելի է գաղափար կազմել այս ահեղ բազմութեան վերայ, որ մէկ ակնթարթի մէջ պաշարեցին Սասնոյ գավառը »:

«Մուրճ»-ը հետաքրքիր տուեալներ կու տան նաեւ Սասունին դեպքերու հետեւանքներու մասին. «Գէլի 360, Շէնիկ` 106, Սէմալ` 85, Ալեան` 165, Իշխնձոր` 78, Աղբին`66 տներով կ’այրին ամբողջովին, և բնակիչները բոլոր, բացի մաս մը փախստականներէ, սրէ կ’անցւին»:  Սասնոյ դեպքերու անմիջական յետեւանքը  ողջ մնացած բնակչութեան սոսկալի դրութեան մէջ յայտնուիլն էր, քանի որ վարելահողերուն, տներուն տիրացեր էին քուրդերը` կողոպտելով ողջ ունեցուածքը, հայերու հագէն խլելով վերջին շապիկը: «Մուրճ»-ի հաղորդումներէն պարզ կը դառնա, որ նոյնիսկ Մշո դաշտին հայկական գիւղերու` Խզլաղաճ, Տատրագոմ, Ս. Յովհաննու վանք, Մառնիկ, Խորոնք, բնակիչները յայտնուեր են ծանր դրութեան մէջ, քանի որ գտնուելով պաշարման մէջ՝ չէին համարձակուի անգամ դաշտ գնալ: Թալանուած էր ամբողջ շրջանը, կը նշուի, որ օրինակ՝ Մառնիկ հարուստ գիւղէն միայն 5000 ոչխար է յափշտակուեր: