Այս պահի դրութեամբ Երեւանն ու Բաքուն համաձայնեցուցեր են խաղաղութեան պայմանագիրին կետերուն մեծ մասը։ Տեղական լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցին այս մասին ըսած է  Բաքուի փոխարտգործնախարար Էլնուր Մամեդովը։ Անոր  խօսքով՝ Բաքուն կը պնդէ, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի

Դիվանագէտին գնահատմամբ` Արցախ վերջերս տեղի ունեցած իրադարձութըւններէն ետք, որոնք նա անուաներ  է  Բաքուի «տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում», խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման գործընթացը հեշտացեր է, իսկ յավանականութիւնը` մեծացեր։ 

Նշինք, որ Արեւելեան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Ազգային ժողով յայտարարեց, որ Բաքուին հետ յարաբերութիւններո  կարգաւորման եւ խաղաղութեան 3 հիմնական սկզբունքները համաձայնեցուած են։

Յիշեցունք՝ 2021 թուականին Բաքուի ղեկավար Իլհամ Ալիեւը յայտարարեց Արեւելեան Հայաստանին հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու պատրաստակամութեան մասին։ 2022 թուականի մարտին Բաքուն Երեւանը փոխանցեց յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ հինգ կետէն բաղկացած իր առաջարկը: Հայկական կողմը շտկումներ աւելցուց  եւ ուղարկեց իր տարբերակը։ Այդ ժամանակէն ի վեր կողմերու միջեւ տարբեր մակարդակներով բանակցութիւններու քանի մը փուլ է եղեր:

Արեւելեան Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոեանը Սեպտեմբեր 13-ին յայտարարեց, որ հայկական կողմն ադրբեջանական կողմին էր փոխանցեր յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ խաղաղ յարաբերութիւններու հաստատման պայմանագիրին հինգերորդ խմբագրումը, Սեպտեմբեր 16-ին ստացեր են ադրբեջանական կողմին նոր առաջարկները։