«Մշակ» թերթին մէջ տպագրուած «Սասունի կռիվը» յօդուածին մէջ մանրամասն կը պկարագրուին ռազմական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ կոտորածը. «…Ատ կոտորածը մեծ էր: Ամբողջ մը օրուայ ընթացքը զօրքը, քիւրդը եւ յամիդիան սրով կը խողխողէին հանդիպածներուն. Թէ մարդ եւ թէ կին, թէ պառաւ թէ զաւակներ, առանց խտրութեան կը մորթուէին… Անհնարին է այդ եղերական ժամերը մանրամասնօրէն նկարագրիլ: Եթէ մէկը ներկայ ժամին բարձրանայ Սասնոյ բարձրաբերձ լերանց գագաթներուն վրայ եւ լայն հայացքով հետախուզէ բոլոր ծակուծուկը, նրա մազերը բիզ բիզ կը կանգնեն: Մարդ սառսուռ կը զգա, երբ կը տեսնէ` մայրը կտոր-կտոր յոշոտուած, գցեր են ապառաժին մը տակ, եւ երկամեայ զաւակը նոյնպէս երկու մաս եղած, դրեր են մօր ստինքներում խաչաեւև: Ահա ուրիշ մը տեղ, իբրեւ հաւասարակշռող հակեր, երկու քոյրերը-մինի ծամերէն կախուած միւսը` ձգուած են կաղնի ծառոյ ճիւղերուն վրայ: Վերջապէս, ամէնուրեք կը նշմարուին սրտաճմլիկ եւ աղեկտուր տեսարաններ…
Ալ աւելի համապարփակ էին «Մշակ»-ի՝ Նոյեմբեր 12-ի համարը լոյս տեսած «Սասունի դեպքերը» յօդուածին յաղորդած տեղեկութիւնները: Մասնաւորապէս երկու կողմերու կռուոծ ուժերու թվային տուեալները համարեա կը համընկնեն «Մուրճ»-ի յաղորդած տեղեկութիւններուն, մասնաւորապէս դեպի Սասուն-Մուշ են շարժուեր 7,800 հետեւակ, 2.000-ի չափ հեծեալ ե 150-էն աւելի թնդանոթներ, իսկ անոնց միացած քուրդերու թիւհ եւս կը նշուի 43.000, որոնք սուլթանական իշխանութիւններէն զենք էին ստացեր: Ինքնապաշտպանութեան դիմած հայերու ընդհանուր թիւը կը նշուեր 1960: Ապա օրերու կտրուածքով կը նկարագրուին ռազմական գործողութիւնները: