CBC TV Azerbaijan յեռուստաալիքով հեռարձակուեր է ակնյայտ հակահայկական քարօզչական բնոյթ ունեցող տեսայաղորդում, որու թեզերէն մէկն այն է, թէ իբր հայկական կողմը Արցախը հայացնելու, տեղի պատմութիւնը կեղծելու համար Քարվաճառին շրջանը ունեցեր է հայկական խաչքարերու արտադրութեան եւ արհեստական հնեցման ինչ-որ արտադրամաս, որտեղ հայերը իբր զբաղուեդ են պատմութեան կեղծարարութեամբ: Ցաւոք սրտի, անյեթեթ այս թեզը, որը 2020 թուականէն սկսած կը փորձէին առաջ քաշիլ առանձին անհատներ Բաքու, այդ թուին նաեւ իրենց արուեստաբաններ եւ պատմաբաններ համարողները, վերջերս սկսաւ ագրեսիւ կերպով քարոզուեր պետական մակարդակով: 

Սոյն քարօզչութեան հիմնական անհիմն ու անիմաստ դրոյթն այն է, որ 2020 թուականի Նոյեմբեր ամիսը  «խաչքարերու արտադրութեան եւ հնեցման»   յայտնաբերուեր է արտադրամաս մը Քարվաճառին շրջանը: Ըստ ադրբեջանական կողմի՝ այս արտադրամասին «մոնիթորինգը» ցոոյց տուեց, որ հայ վարպետները քարերուն վրայ կը քանդակէին հայերէն արձանագրութիւններ, խաչեր եւ զարդանախշեր, այնույետեւ նման կիսապատրաստուկ-քարերը կը տեղադրէին յատուկ լուծոյթներու, օրինակ՝ քացախին մէջ, կը հնացնեին քարերը եւ ատոնց վրային քանդակները։ 

Զարմանալին ու զավեշտալին այն է, որ արտադրամասին առկայութեան որեւէ փաստացի ապացոյց չի ներկայացուի: Ի յակառակ ատոր, որպես ապացոյց կը մատուցուին տարբեր դարերու յայտնի խաչքարերու պատկերներ, ինչպէս օրինակ՝ Սեւանավանք տանող աստիճաններու քով  գտնուող խաչքարերու ( 17-րդ դար), Կոթավանքի ( 16-17-րդ դարեր) շուրջ գտնուող խաչքարերու լուսանկարները։

Ուշագրաւ է նաեւ վերը յիշատակուած այն հանգամանքը, որ ադրբեջանական կողմէն ընտրուած եւ որպէս «ապացոյց» ներկայացուող խաչքարերոգ մեծամասնութիւնը կը գտնուի Արեւելեան Հայաստանին տարածքին վրայ, այլ ոչ թէ Արցախին մէջ: 

Ատոր վտանգաւոր հեռանկարը յստակ է. Արցախին բռնազաւթուած տարածքներու վրայ գտնուող խաչքարերը, խաչային յօրինուածքները, արձանագիր քարերը ներկայացնիլ որպէս հայկական կեղծարարութեան արդիւնք եւ յուշարձաններու վերականգնման պատրուակին ներքոյ վերացնիլ ատոնք: 

Ըստ «Զինուած բախումներու պարագային մշակութային արժեքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի համաձայնագիրի 1999 թուականի երկրորդ արձանագրութեան 9-րդ յօդուածի գ կետի՝ կ՚արգելուի մշակութային արժեքին ցանկացած վերափոխումը, ինչպէս նաեւ ատոր օգտագործման ձեւի փոփոխութիւնը, որոնք նպատակ ունին թաքցնելու կամ ոչնչացնելու մշակութային, պատմական կամ գիտական վկայութիւնները: Ըստ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան» համաձայնագիրի,  մշակութային ժառանգութեան պահպանում կը նշանակէ ժառանգութեան կենսունակութեան ապահովում։  Պահպանիլ ժառանգութիւնը, կը նշանակէ ապահովիլ ատո անձեռնմխելիութիւնը եւ ամբողջականութիւնը, որու մաս կը կազմէ նաեւ համայնքը, ապահովիլ ժառանգութեան իսկութեան, կարեւրութեան, ամբողջականութեան, բացառիկութեան չափանիշները։  Այս սկզբունքները կը բխեն  ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան համաձայնագիրէն, ԻԿՕՄՕՍ-ի եւ այլ միջազգային կառոյցներու փաստաթուղթերէն: