«Արձագանքի» թղթակիցը 1894թ. Օգոստոս 27-ին Կարինէն կը գրէ, որ քուրդերը, օգտուելով տիրող անիշխանութենէ, կառաւարութեան բացայայտ թելադրանքով դուրս եկան Սասունի եւ Մուշի սահմաններէն եւ հարձակուեցին Մուշ քաղաքին մերձակա հայաբնակ գիւղերու վրայ, ահ ու սարսափ տարածելով՝ հրի ու սրի մատնեցին ամէն ինչ: Ապա կաւելցնէ, որ դեռ շատ շատերուն կը սպասուի այդ մշուշոտ ապագան: Երկրի իւրաքանչիւր կողմը ահ ու սարսափ կը տիրէ, իսկ երթեւեկութիւնը՝ Կարինէն սկսած մինչեւ Մուշ, Բաղեշ, Սասուն եւ միւս խորքերը, անգամ գիւղէն գիւղ, դադարեր է: Առանց մանրակրկիտ խուզարկութեան կարգադրուած է չընդունիլ ու չհանձնիլ թղթածրարները: Անցաթուղթ տրամադրիլը բոլորովին կարգելուի. պանդխտութենէ նոր վերադարձող ամէն մե անհատ ոստիկաններու խիստ եւ աչալուրջ յսկողութեամբ պետք է հանձնուի կէդրօնական կառավարութոանը: Թղթակիցը վերջը կեզրակացնէ, որ այս կերպ շարունակուելու պարագային այդ հայաբնակ գաւառներն անտարակոյս կւերածուին անմարդաբնակ անապատի մը՝ զրկուելով իրենց տիրական ու տնտեսական տարրէն:
«Նոր Դար» լրագիրին մէջ 1894թ. լոյս տեսած Սասունի դեպքերը ներկայացնող «Սասունցիներու ապստամբութիւնը» յոդուածը յիմնվուած է Կ. Պոլսի թղթակիցին յաղորդած տեղեկութիւններու վրայ եւ թեեւ ոչ մանրամասներով, սակայն կը նկարագրուի Սասուն տիրող ծանր դրութիւնը: Այսպիսով, չնայած ցարական գրաքննութեանը, թղթակիցներու սակաւութեանը եւ այլ խոչընդոտներուն, այնուամէնայնիւ արեւելահայ մամուլը հարուստ է Սասունին կոտորածը լուսաբանող նիւթերով: Աւելին, ատոնց մեջ ամփոփուած փաստական նիւթը կարեւոր է այդ սահմռկեցուցիչ ջարդերու պատմութեան ուսումնասիրութեան համար: Այսպիսով Western Armenia Tv-ին կամփոփէ արեւելահայ մամուլը Սասունի՝ 1894թ. կոտորածի վերաբերեալ տեղ գտած արձագանքներու ուսումնասիրութիւնը: Այդ նպատակաւ հետազոտութեան ենթարկուեցինք 1890-ական թուականներուն արեւելահայ իրականութեան մէջ եռանդուն գործունեութիւն ծաւալած «Մշակ›, «Նոր Դար», «Արձագանք» թերթերու եւ «Մուրճ» ամսագիրին հրապարակումները: Քննութեան ենթարկեցինք ատոնց մէջ Սասունի՝ 1894թ. կոտորածին վերաբերեալ առկա փաստական նիւթը: