Լրագրող Սեդատ Մեմմեդովան  յաճախ  իր յութուբեան ալիքը հակահայկական քարօզ կը տանէ Նման տեսանիւթերէն մէկին մէջ  առանձնակի յպարտութեամբ կը ներկայացուի, որ Տիգրանակերտին արքայական աղբիւրներու պուրակը վերածուերլ է խորովածանոցի։ Տիգրանակերտին հնագիտական արշաւախումբի կողմէն պեղուած  ջրավազանին քովը ադրբեջանցիները բետոնապատ յարթակ են կառուցեր եւ խորոված ընելու մանղալներ տեղադրիլ, որոնցմէ  մէկը հէնց պեղուած ջրավազանի եզրն են դրեր։ Խորհրդային տարիներուն ադրբեջանցիները ռեստորանի էին վերածեր 18-րդ դարին կեսերուն աղբիւրներու հարեւանութեամբ կառուցուած ամրոցը: Այնպէս որ պատմա-մշակութային միջավայրը քյաբաբնոց դարձնելու պրակտիկան հին աւանդոյթ է: Նկատինք, որ 2010 թուականէ ի վեր՝ մինչէւ 44-օրեա պատերազմը ամրոցին մէջ տեղադրուած էր Տիգրանակերտին հնագիտական թանգարանը, իսկ արքայական աղբիւրներու պուրակին տարածքը բարեկարգուեր եւ կը ծառայեր  որպէս մշակութային միջացառումներու հարթակ: Տիգրանակերտին արքայական պուրակը խորովածանոցին վերածելով, Բաքուն կը խախտէ մշակութային ժառանգութեան պատմականութիւնը, ամբողջականութիւնը, կը զրկէ  ժառանգութեանն իր իսկութեանը համարժեք գործառոյթով սերունդներուն անխաթար փոխանցուելու յնարաւորութենէ, որը դեմ է ժառանգութեան պահպանութեան միջազգայնօրէն ընդունուած  շարք մը սկզբունքներուն, որոնք կը բխեն ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի «Համաշխարհային մշակութային եւ բնական ժառանգութեան» համաձայնագիրէն, 1994 թուականի Ճապոնիա ընդունուած մշակութային ժառանգութեան իսկութեան վերաբերեալ Նարայի փաստաթուղթէն, ինչպէս նաեւ ԻԿՕՄՕՍ-ի կողմէն  2017 թուականին Նիւ Դելի ընդուած փաստաթուղթէն եւ այլ միջազգային կառոյցներու փաստաթուղթերէն: Բացի ատ, ըստ «Զինուած բախումներու պարագային մշակութային արժեքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականի համաձայնագիրի 4-րդ յօդուածի եւ  ըստ  լրացուցիչ՝ 1999 թուականի երկրորդ արձանագրութեան 9-րդ յօդուածօ գ կետի՝ կարգելուի մշակութային արժէքին ցանկացած վերափոխումը, ինչպէս նաեւ ատոր օգտագործման ձեւի փոփոխութիւնը, որոնք նպատակ ունին թաքցնելու կամ ոչնչացնելու մշակութային, պատմական կամ գիտական վկայութիւնները:  Խաթարելով ժառանգութեան իրական աւանդոյթը Բաքուն կը խախտէ նաեւ 2001 թ. «Մշակութային բազմազանութեան պաշտպանութեան մասին» եւ 2005 թ. «Մշակութային ինքնարտայայտման ձեւերու բազմազանութեան պաշտպանութեան եւ խրախուսման մասին» համաձայնագիրներու դրոյթները, որոնց անդամ է։  Մշակութային ժառանգութեան գործառոյթին փոփոխման գործողութիւնը կը խախտէ նաեւ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի 2003 թուականի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան համաձայնագիր»-ի դրոյթները, որու 11-րդ յօդուածով պետութիւնները պարտաւոր են յարգիլ ժառանգութեան ոչ նիւթական արժեքները անկախ ատոնց ծագումէն ու գործառոյթէն։