Բաքուն, ըսպէս կոչուած, «Խոջալուի ցեղասպանութեանը» մասնակցելու մեղադրանք է ներկայացուցեր Արցախին Գետավան գիւղի 71-ամեա բնակիչ Մադաթ Բաբաեանը։ Այդ մասին կը տեղեկանանք Բաքուիի պետական անվտանգութեան ծառայութեան՝ Նոյեմբեր 2-ին տարածած յաղորդագրութենէ։ 

Նա անհետ կորած կը համարուեր 2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-էն՝ Արցախին վրայ ադրբեջանական հարձակման ժամանակ։ Հոկտեմբեր 9-ին Մադաթ Բաբաեանը կապ էր հաստատեր Հայաստան գտնուող հարազատներու հետ եւ տեղեկացուցեր, որ Բաքու է։ 

Բաքուի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յաւելէ, որ նա ընդուներ է մեղքն ու մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուցեր կատարուածին մասին: