Հայ ազգը, հազարամեակներ շարունակ ունենալով ամուր եւ հզոր ինքնագիտակցութիւն, կերտեր է իր տեսակին համապատասխան մշակոյթ, որը իւրովի է ամփոփուած հայ ազգի «Մեծ Լոյս» կամ «Արեւ» արեւապաշտական հավատամքին մէջ՝ որպէս Առաքելականութեան, Լուսաւորչականութեան, Բանախօսութեան, Արիականութեան, Բարեպաշտութեան գաղափարախօսութիւն: Հայոց Հին հավատքէն Նոր հավատքի ժառանգական փոխանցումը, յաջորդականութիւնը եւ փոխկապակցուածութիւնը հաստատելու համար Western Armenia Tv-ին կատարեր է պատմական, մշակութային, լեզուաբանական վերլուծութիւն:

Առաջին վերլուծութիւնը նվիրուած է ԱՐ-ԱՐԵՒԻ գաղափարախօսութեանը։

Աւելի քան 10.000 տարուա պատմութիւն ունեցող քարեղէն արձանագրութիւնները կը վկայեն Լոյսին ու Արեւին մարդու խոնարհման մասին. Լոյսն ամէն առաւօտ կը բացուի, արեւն ամէն առաւօտ երբ կը բարձըրնա, կը բերէ լոյս եւ ջերմութիւն, կը պաշտպանէ մարդը ցուրտեն եւ մութ ու խավարէն եկող շատ այլ վտանգաւոր երեւոյթներէն: Դեռեւս մեր նախնիները գիտեին , որ առանց արեւի եւ լոյսի երկիրը կմնա առանց բնութեան եւ առանց կեանքի:

Արեւը մէկ տարուա ընթացքը կ՚անցնի  12 աստղատուներու միջով: Ատանկ ալ  նա ցոյց կու տա 12 ամիսները, տարուա 4 եղանակները, անոնց գոյութեան կերպը եւ հավասար վիճակը տիեզերքին մէջ:

Այս պատկերով 12 աստղատուները կը կոչուէին տարուա եղանակային ժամանակաշրջան, որտեղով արեւը կ՚անցնի մէկ տարուա մէջ:

Լոյսն ու Արեգակը ունեցեր են իրենց աստուածները, կամ իրենք հենց աստուածներ են յամարուեր:

Լոյսին ու Արեգակին կամ երկնային մարմիններուն տրուեր են անուններ, որոնք իմաստաւորուած հնչիւններու միացութիւն են եղեր, կամ կոդեր: Դեռեւս 19-րդ դարը եվրոպացի նշանաւոր աստղագէտներ Օլկոտը եւ Մաունդերը ընդուներ են այն հիմնաւոր կարծիքը, որ կենդանակերպի տասներկու համաստեղութեան ընկալումը եւ անուանումները կրնային  տալ միայն այն մարդիկ, ովքեր ապրեր են 36-42 աստիճաններու միջեւ, այսինքն՝ Հայկական լեռնաշխարհը: Կենդանակերպի համաստեղութիւններով պայմանաւորուած՝ արեգակնային տարին 12 ամիսներու բաժնիլը, կարծես թէ, նոյն մարդոց  գաղափարն է: Արեգակնային ժամացոյցին վրայ օրը բաժանուած է 12 մասի, որը կը նշէ ցերեկուա եւ գիշերուա ժամերը: Այսինքն՝ օրը ունեցեր է 24 ժամ: Եւ, իրոք, 24 ժամ է օրը նաեւ ըստ հայկական հնագոյն տոմարի, որտեղ ամէն ժամ ունէ իր հայկական անուանումը:

Ար աստուծոյ պաշտամունքին ծագումն ու տարածումը: Հայկական լեռնաշխարհը համաշխարհային քաղաքակրթութեան հնագոյն օրրաններէն մէկն է: Հայերն հոտ վաղ են կազմաւորուած որպէս ազգ, ունեցեր ուժեղ պետականութիւն եւ բարձր մշակոյթ: Այն, որ հայերն Արեւմտեան Ասիա մեծ տեղ ու դեր են ունեցեր, կը վկայեն նիւթական մշակոյթի բազմադարեան հետքերը, պատմական, դիցաբանական զրոյցներն ու առասպելները, աշխարհագրական եւ անձնական անունները:

Անյիշելի ժամանակներէն հնդեվրոպացիներու նախահայրենիք հադիսացող Հայկական լեռնաշխարհը ապրող ցեղի ուղղակի ժառանգորդը հայ ժողովուրդն է, որը հազարամեակներ կ՚ապրէ եւ կ՚արարէ իր բնօրրանը: Գեղեցիկ ու դաժան այս լեռնաշխարհն է հայ մարդը կառուցեէ հոյակապ կոթողներ, շէնքեր ու քաղաքներ, հոս է ստեղծեր աւանդութիւններ, զրոյցներ: Հոս է երկրպագիլ նաեւ իր առաջին աստծուն` արեւին հզոր աստուած Ար- Արային:

Հնագոյն ժամանակները իւրաքանչիւր ցեղ ունեցեր է պաշտամունքին իր առարկան` աստուածը, իսկ իւրաքանչիւր աստուած` իր անունը: Բացի բազմաթիւ աստուածներէն ցեղն ունեցեր է իր գլխաւոր աստուածը: 

Հնագոյն պատմական վկայութիւնները, լեզուական, ազգագրական եւ հնագիտական նիւթերը ցոյց կու տան, որ Հայկական լեռնաշխարհին բնիկներու` արիներու հնագոյն գլխաւոր աստուածն արեւին Ար աստուածն էր: Երկնային լուսատուներէն ամէնալուսաւորն ու պայծառն արեգակն է, որը լոյս ու ջերմութիւն կու տար մարդը` ապահովելով բերք ու բարիքով: Մեր նախնիները, պաշտելով արեւը, անոր վերագրեր են արարչական զորութիւն, ընդուներ են զինքը որպէս ամէնայն բարիքներ ստեղծող գերբնական ուժ մը, որպէս կեանքի աղբիւր, սկիզբ ամէն ինչի: Եվ բնական է, որ մարդը «զԱրեգակն աստուած համարեր եւ անոր նայելով զաստուած պաշտեին»: Գարունը եւ տաք արեւը, որ փոխարիներ են Հայկական լեռնաշխարհի յաճախ շատ ցուրտ ու երկարատեւ ձմեռը, մեծ ուրախութիւն են պատճառեր մարդոց, ովքեր մեծ անհամբերութեամբ կը սպասեին արեւուն, գարնանն ու բնութեան զարթոնքին, գարնան գալուստը նշելով մեծ տոնակատարութիւններով (բարեկենդան, տեարնընդառաջ, համբարձման տոն):  Արեւը մարդը յետաքրքրեր է նաեւ անորով, որ ամէն օր կը մեռնէ  ու յարութիւն կ՚առնէ: Արեւին մեռնիլը, անյետընալն անուաներ են մայրամուտ, իսկ նորէն ծագիլը` հարութիւն առնիլ: Մարդը կը նկատէր, որ ինչպէս արեւն կը մեռնի ու յարութիւն կ՚առնէ, անանկ ալ  տարին կը մեռնէ (ձմեռ) ու մահէն ետք յարութիւն կառնէ (գարուն): Անտարբեր չմնալով այս գաղափարէն` մարդն իր գլխաւոր աստծուն օժտեր էր նաեւ մեռնող եւ հառնող յատկութեամբ: Ար աստուածը մեռնող եւ հառնող բնութեան աստուածն էր` հետագային ձեռք բերելով նաեւ ռազմի եւ քաջութեան աստուածութեան նկարագիր:

Շարունակելի․․․