Բաքուն շուտուընէ նպատակ ունէ իրականացիլ մշակութային ցեղասպանութիւն Արցախ եւ այսօր ալ չի թաքուցեր իր այդ ցանկութիւնը։ Բաքուն նպատակ ունէ իրականացնիլ մշակութային ցեղասպանութիւն Արցախ եւ այն բոլոր տեղերը, որտեղ հայութիւնն ունեցեր է բնիկ ներկայութիւն հազարամեակներ շարունակ։ Դա տեղի ունեցաւ 1997 եւ 2006 թուականներու ընթացքը Նախիջեւան եւ ամբողջովին բնաջնջուեց հայկականութեան ամէն հետք մը, դա որոշ չափով արդեն սկսուեր է ադրբեջանական վերայսկողութեան տակ գտնբւող հայկական մշակութային կոթողներու հանդեպ, մանավանդ անոնց, որոնք մօտ են ճանապարհաշինարարական գործողութիւններուն՝ հիմնականը գերեզմանոցներ։ Բաքուի ցանկութիւններէն մէկը հայութեան բարոյալքումն է, որ հայութիւնն իսպառ մոռնա Արցախին մասին։ Բաքուն յայտարարեր է, թէ իրենց վերայսկողութեան տակ անցած հայկական եկեղեցիներու հայատառ գրութիւններն ու հայկական հետքերը կեղծ են, ատոնք հեռացնելու համար արդեն աշխատանքային խումբ են ստեղծեր: Դեռ ամիսներ առաջ Բաքուի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, այցելելով Հադրութի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, յայտարարեր էր․ – «Հայերը ինչպէս պղծեր են մեր մզկիթները, այնպես ալ հին աղուանական տաճարներն են պղծեր: Բայց մենք կվերականգնենք։ Այս բոլոր գրութիւնները կեղծ են։ Ի դեպ, հայկական ակադեմիական միտքը երբեք չի խորշեր նաեւ հայերէն վիմագրերու մէջ յիշատակուող Աղուանէն, Աղուանք տերմիններէն քանի որ Արցախի եւ Ուտիքին հայ քրիստոնեական համայնքը Աղուանէն եկեղեցու ինտելեկտուալ եւ վարչական կէդրօնն էր անոր ձեւաւորման ժամանակներէն սկսած: Աղուանէն կաթողիկոսները ծագումով հայ էին, կը խօսեին եւ կը գրէին հայերէն եւ որեւէ կարիք չունեին սեփական վանքերու եւ եկեղեցիներու պատերուն այլալեզու գրութիւններ թողնելու:
Յիշեցունք, որ ըստ «Զինուած բախումներու պարագային մշակութային արժեքներու պաշտպանութեան մասին» Հաագայի 1954 թուականի համաձայնագիրի, իւրաքանչիւր ժողովուրդի մշակութային արժեքներուն հասցուող վնասը յարուած է ողջ մարդկութեան մշակութային ժառանգութեանը, քանզի իւրաքանչիւր ժողովուրդ իր ներդրումն ունէ համաշխարհային մշակութային բազմազանութեան մէջ։ Բացի ատ, համաձայն 1954թ․-ի Հաագայի համաձայնագիրի 4-րդ յօդուածը կը նշէ, որ կողմերը կը պարտաւորուին յարգիլ իրենց, այնպէս ալ միւս կողմի տարածքը գտնուող մշակութային արժեքները՝ արգելելով այդ արժեքներու օգտագործումն այնպիսի նպատակներաւ, որոնք զինուած ընդհարման պարագային կարող են հանգեցնիթ այդ արժեքներու ավերմանը կամ վնասուելուն՝ ձեռնպահ մնալով ատոնց դէմ ուղղուած թշնամական որեւէ գործողութենէ։ Կողմերը կը պարտաւորուին նաեւ արգելիլ, կանխիլ եւ, եթէ անհրաժեշտ է, խափանիլ մշակութային արժեքներու գողութեան, կողոպուտի կամ ապօրինի իւրացման, ինչպէս նաեւ ատոնց նկատմամբ վանդալիզմի ցանկացած գործողութիւն։ Ըստ Հաագային 1954 թուականի առաջին արձանագրութեան՝ գրաւեալ տարածքները եւս արգելուած է ոչնչացնիլ մշակութային կամ հոգեւոր արժեքները։ Հաագայի 1999 թուականի երկրորդ արձանագրութիւնը կը վերահաստատէ այս պահանջը եւ այդպիսի արարքը՝ ըստ 15-րդ յօդուածի, հ՚որակէ որպէս միջազգային յանցագործութիւն։ Մշակութային արժեքներու ոչնչացման գործողութիւններն կ՚արգելուին նաեւ Ժնեւի 1949 թուականի Օգոստոս 12-ի պատերազմէն տուժածներու պաշտպանութեան, պատերազմին օրենքներու եւ սովորոյթներու վերաբերեալ միջազգային չորս համաձայնագիրներու եւ արձանագրութիւններու, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի համապատասխան բանաձեւերու եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պայմանագիրներու կողմէն: