Արեւելեան Հայաստանի եւ Թուրքական իշխանութեան միջեւ դիվանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութեյան 5-րդ կետով կողմերը կը ստանձնեն գոյութիւն ունեցող սահմանն հաստատելու պարտաւորութիւն:
Ըստ այդմ՝ Western Armenia Tv-ին անհրաժեշտ կը յամարէ անդրադառնալ յոյժ կարեւոր, թեեւ առաջին հայացքէն տարօրինակ, հարցի մը.
– Արդեո՞ք Արեւելեան Հայաստանի ու Թուրքական իշխանութիւնները, միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն, իրավասու են «հաստատիել գոյութիւն ունեցող սահմանը»:
Նշինք, որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ցանկացած միջազգային բազմակողմ պայմանաւորուածութիւն, անկախ անոր դրսեւորման ձեւէն՝ պայմանագիր, համաձայնագիր, արձանագրութիւն եւ այլն, կարող է փոփոխութեան ենթարկուիլ, դադարեցուիլ կամ չեղեալ յայտարարուեր միմիայն տուեալ փաստաթուղթին մաս կազմող բոլոր կողմերու մասնակցութեամբ եւ համաձայնութեամբ: Այս սկզբունքը՝ պայմանագիրներու մասով, ամրագրուած է Պայմանագիրներու մասին Վիեննայի համաձայանգիրի 1969 թուականի 39-41 յօդուածներու մէջ:
Նախկին ԽՍՀՄ սահմանի հայաստանեան յատուածի «հաստատումը»՝ որպէս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահման, իրաւական տեսանկիւնէն կը նշանակէ սահմանի փոփոխութիւն, քանի որ Հայաստան-Թուրքիո իրաւական սահմանը էապէս կը տարբերուի սովետաթուրքական սահմանէն: Նշեալ իրաւական (Դե յուրե), այսու՝ միակ օրինական սահմանը «հաստատուեր է» բազմակողմ փաստաթուղթով, յետեւաբար, «գոյութիւն ունեցող սահմանի հաստատումը» ըստ էութեան սահմանի փոփոխութիւն կը նշանակէ եւ տուեալ պարագային դուրս է երկկողմ յարաբերութիւններու շրջանակէն վերոնշեալ պատճառաւ:
Յիշեցունք, որ ՝ 1918թ. Յոկտեմբեր 30-ին Օսմանեան կայսրութիւնը, առաջին աշխարհամարտը ջախջախիչ պարտութիւն կրելէն ետք, կը ստորագրէ Մուդրոսի զինադադարը: Իրաւական տեսանկիւնէն այս զինադադարը անվերապահ կապիտուլյացիա էր, յետեւաբար Թուրքիոյ ողջ ինքնիշխանութիւնը (sovereignty), մինչեւ խաղաղութեան պայմանագիրին կնքումը, կը փոխանցուի յաղթանակած ուժերուն: Այսինքն՝ այդուհետ յաղթանակած դաշնակից ուժերուն էր վերապահուած որոշելու, թէ Օսմանեան կայսրութեան որ մասը եւ ինչ աստիճանի է վերականգնուելու թուրքական պետութեան ինքնիշխանութիւնը:1919-1920թթ. խաղաղութեան պայմանագիրներու պայմանները քննարկելու համար Փարիզ կը գումարուի խաղաղութեան վեհաժողովը:
1920 թուականի Հունվար 27-ին Խաղաղութեան Համաժողովի գլխաւոր քարտուղարութիւնը Հայ ազգային պատւիրակութեան նախագահին զգուշացոյց, որ 1920 թուականի Յունվար 19-ի նստաշրջանին Գերագոյն խորհուրդն ընդուներ է յետեւեալ երկու որոշումները.
1․Հայկական Պետութեան կառավարութիւնը ճանչընալ փաստացի կառավարութիւն
2․ Տուեալ ճանաչումը չի կանխորոշեր այս պետութեան յնարաւոր սահմաններու հարցը` Արցախը, Նախիջեւանը, Ջաւախքը, ներկայիս Կովկասեան Հայկական Հանրապետութիւնը, Կիլիկիոն եւ Արեւմտեան Հայաստանը կը կազմեն Հայաստան պետութեան մաս։
Հարց կառաջանա ՝ Արեւելեան Հայաստանի եւ Թուրքական իշխանութիւնները միջազգային իրաւունքին ո՞ր հիմնաւորմամբ կուզեն անտեսիլ իրենց իսկ միջազգային պարտաւորութիւնները եւ երկկողմ արձանագրութեամբ բեկանիլ բազմակողմ միջազգային անբեկանելի որոշումը՝ Իրաւարար վճիռը:
Միաժամանակ , պետք է նկատի ունենալ, որ միջազգային իրաւունքին մէջ սկզբունքորեն կը բացակայէ օրինապէս ուժին մէջ մտած իրաւարար վճռի փոփոխման, կասեցման կամ բեկանման ընթացակարգ կամ նախադէպ: