Պատկերապատումներու (կոմիքս) հեղինակ Ժան-Բլեզ Ջյանը, պրոդիւսեր եւ սցենարիստ Գորիւն Ապրիկեանն ու նկարիչ Կյոն-Յուն Պարկը, որոնք այժմ կապրեն, կը ստեղծագործեն Ֆրանսիա, կը կարծեն՝ պատկերապատումներու միջոցով միայն արկածային, հեքիաթային թեմաներուն չէ, որ պետք է անդրադառնալ. կոմիքսի միջոցով յնարաւոր է խօսեր տարբեր ժողովուրդներուն, ազգերուն հուզող յակամարտութիւններու, պատերազմներու եւ ցեղասպանութիւններու մասին: Հէնց այդ սկզբունքով առաջնորդուելով անոքն 2022 թուականին ծաւալուն պատկերապատումով անդրադարձեր են 20-րդ դարի մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկին՝ Հայերուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութեանը։ «Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը» պատկերապատման որոշ դրուագներ ներկայացուեցան  «ՌեԱնիմանիա» 15-րդ փառատոնի շրջանակը կազմակերպուած ցուցահանդեսը, որուն ներկա էին յեղինակներն ու նկարիչը:  Լրագրողներու հետ զրոյցը Գորիւն Ապրիկեանը նշեր է, որ  ՝ Ֆրանսիային մէջ ՝ Հայերուն դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան մասին պատկերապատում են ստեղծեր, քանի որ տեղի թուրքերը ժխտողական քաղաքականութիւն կը վարեն եւ չեն ընդուներ ցեղասպանութեան իրողութիւնը: «Պատկերապատման միջոցով խօսեցինք այդ մասին, փորձեցինք թեման հասանելի դարձնիլ երիտասարդներուն: Մեր նպատակն էր պատկերապատմամբ վավերագրիլ իրականութիւնն ու տեղեկութիւններ փոխանցիլ լայն լսարանին»,-ըսեր է Ապրիկեանը: Նկարիչ Կյոն-Յուն Պարկին յաջողուեր է ստեղծիլ այնպիսի պատկերներ, որոնք յստակ կարտացոլեն  մարդոց հիասթափութիւնը, սարսափը, ապագային նկատմամբ անվստահութիւնը: Նա նկարազադումներ ընելիս օգտուեր է արխիւային լուսանկարներէն, վավերագրական ֆիլմեր է դիտեր՝ ծանօթանալով անհատներու պատմութիւններուն:

Ստեղծագործողները դէմ չեն կրկին համագործակցիլ, աշխըտիլ որեւէ նախագիծին շուրջ, սակայն Կյոն-Յուն Պարկն առաջիկա երեք տարին շատ նախագծեր ունէ, ուստի չի կարող միանալ Ապրիկեանին ու Բելզ Ջյանին, որոնք կաշխտին Արցախին մասին պատկերապատման ստեղծման վրայ:

Յոյս ունին՝ այն պատրաստ կըլլայ երկու տարի ետք: Չի բացառուի, որ ներկայացնին «ՌեԱնիմանիա» փառատոնը: