Վերջին շրջանը Բաքուն ՝ մշակութային ցեղասպանութիւնը տարբեր եղանակներով կիրականացնէ: Մէկը՝ պարզապէս նախնադարեան բարբարոսութիուն. կոչնչացուին մեր կոթողները, եկեղեցիները, գերեզմանաքարերը, մշակութային այլ կոթողները, երկրորդը՝ փորձ կարուի հայազրկիլ այդ մշակութային կոթողները: Ատ ալ  ցեղասպանութիւն է:

Բաքուն ինչ-որ «աղուանական եկեղեցիներու» թեզ առաջ կը քաշէ: Ատ կարուի  այն պարագային, երբ անոնք չեն կրցեր  պարզապէս քանդիլ այդ եկեղեցիները, օրինակ՝ Դադիվանքը: Եթէ Բաքուին կամքով  ըլլար՝ շուտունէ էին ոչնչացուցեր: Բայց քանի որ չեն կրցեր՝ կը փորձեն  այլ կերպ վերացնիլ մշակութային կոթողներու հայկականութիւնը եւ դարձնիլ ոչ հայկական մշակոյթի կոթող: Թէ ինչպէ՞ս կը ստացուի, որ ադրբեջանցիներու վերայսկողութեան տակ անցած հայկական եկեղեցիներն ու վանքերը հանկարծ պարզուի, որ «աղուանական» են, եւ նոյնիսկ եթէ ատոնք հին Աղուանքէն մնացած կոթողներն են՝ ի՞նչ կապ ունին Բաքուի եւ ադրբեջանական մշակոյթին հետ։ Ատ նոյնն է, երբ Թուրքիոյ նախագահ Էրդողանը յայտարարեց, թէ թուրքերն առաջինն են իջեր Լուսնի վրայ: Հիմա ի՞նչ ըսենք: Շումերներուն ալ կը ներկայացնեն իբրեւ «ադրբեջանցիներ» այն պարագային, երբ ադրբեջանական ազգը 1936 թուականին է պաշտօնապէս ստեղծուեր: 

Փաստենք, որ Արցախը բռնազաւթելէն ետք Բաքուի իշխանութիւնները յետեւողական քայլեր կը ձեռնարկեն Արցախին՝ ադրբեջանական զինուժի վերայսկողութեան տակ անցած տարածքները գտնուող պատմամշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու եւ առհասարակ պատմական Արցախէն հայկական հետքը վերացնելու ուղղութեամբ: Վերջին մեկուկես տարուա ընթացքին արդեն բազմաթիվ եկեղեցիներու, վանքեր, յուշարձաններ պատմական ու մշակութային կոթողներ են հիմնովին ոչնչացուցեր կամ պղծեր, խեղաթիւրեր՝ սկսած Շուշիին Ղազանչեցոց մայր տաճարէն՝ մինչեւ այլ տարբեր սրբավայրեր ու կոթողներ: Մշակութային այս յանցագործութիւններու եւ վանդալիզմին դեպքերէն շատերը արձանագրուած են Western Armenia Tv-ին կայքը:

Նշինք, որ Աղուանքը, որուն նաեւ կը կոչեն «Կովկասեան Ալբանիա», կովկասեան հնագոյն պետութիւններէն է եղեր, որը կը սահմնակցեր Մեծ Հայքին եւ կը զբաղեցներ ներկայիս Բաքուին տարածքին մասը մը: Տարածաշրջանը քրիստոնեութեան տարածումէն ետք այս երկրին մէջ ապրող ժողովուրդները առաքելական քրիստոնեաներ դարձան եւ սերտորեն կապուած էին Հայ Առաքելական Եկեղեցուն հետ: 10-11-րդ դդ. ի վեր, յատկապէս սելջուկ-թուրքերու եւ թաթար-մոնղոլներու արշավանքներէն ետք Աղուանքը աստիճանաբար քայքայուեց եւդադարեց գոյութիւն ունենալ իբրեւ ոչ միայն պետական, այլեւ պատմաաշխարհագրական միաւոր: Աղուանքի պատմութիւնը տարածաշրջանին ամէնաքիչ ուսումնասիրուած  խնդիրներէն է, այդ թուին՝ Հայաստան: Թէ ի՞նչ կապ ունին միայն 1918 թ. ստեղծուած Բաքուի Հանրապետութիւնը եւ ժամանակակից ադրբեջանցիները Աղուանքի եւ աղուանական ժառանգութեան հետ՝ օբյեկտիւ եւ անաչառ պատմագիտութեան տեսանկիւնէն պարզ չէ, քանի որ անոնք ո՛չ Աղուանէն ժողովուրդներու կրօնն են ժառանգեր, ո՛չ ալ նոյնիսկ անոնց երկրի անուանումը: