Փարիզին քաղաքապետ Ան Իդալգոն X-ի իր միկրոբլոգին էջը մանրմասներ է յայտներ Միջազգային քրեական դատարանին նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենո Օկամպոյին հետ քննարկումներէն: «Հայաստան ողբերգութիւնը կը շարունակուի։ Բաքուն մեղաւոր է Արցախին նախկին պաշտօնեաներուն կամայականօրէն կալանաւորելու եւ այս տարածքը հայկական ժառանգութիւնը ոչնչացնելու մէջ։ Երեկ ես յնարաւորութիւն ունեցա քննարկելու ատ Միջազգային քրեական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ, Լաչինի միջանցքին շրջափակման ժամանակ Բաքուի կողմէն իրականացուած ցեղասպանութեան գործընթացին մասին զեկոյցի յեղինակ Լուիս Մորենո Օկամպոյին հետ։
Մեր մտքերը զոհերու, անոնց ընտանիքներու, Բաքուի կողմէն պահուող 100 հազար փախստականներու ու քաղբանտարկեալներու հետ են։ Դեկտեմբեր 10-ին՝ Մարդու իրաւունքներու միջազգային օրուա կապակցութեամբ, արցախահայութեան ներկայացուցիչներուն կհանձնեմ Փարիզին պատուաւոր քաղաքացիութիւն»,- գրեր է նա։
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը բազմիցս անդրադարձեր է Բաքուի իշխանութիւններու անօրինականութիւններուն: Մենք մշտապէս ընդգծեր ենք եւ չենք դադարելու կրկնիլ, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ որու անբաժանելի մաս կը կազմեն Արցախը, Նախիջեւանը, Ջաւախքը եւ Արեւելեան Հայաստանը, երբեք չի ընդուներ եւ չի ընդունելու որեւէ միջազգային կամ միջպետական պայմանագիր, որը կհակասէ իր տարածքներու ամբողջականութեանը եւ ստորագրուած ու հաստատուած չի ըլլա իր նախագահին կողմէն: Վերջին նմանատիպ յայտարարութիւնը մեր կառավարութիւնն ըրեց 2023 թուականի Սեպտեմբեր 25-ին :Յայտարարութեան տեքստին կրնաք ծանօթանալ մեր կայքէջը: Ողջունելով տիկին Ան Իդալգոյի գրառումն ու մտահոգութիւնները Արցախին ժողովուրդի ճակատագիրին հանդեպ, յուսով ենք, որ չի կրկնուի Ֆրանսիոյ կողմէն Կիլիկիոյ ժողովուրդի ճակատագիրով մտահոգուած ըլլալն ու քաղաքական դրդապատճառներէն ելնելով Կիլիկիոյ ժողովուրդին լքելու եւ Կիլիկիոն թշնամիին յանձնելու դառը փորձը: Արեւմտեան Հայաստանի նախագահն ու կառավարութիւնը միշտ իր ժողովուրդի հետ է եւ երբեք չի անտեսի անոր շահերն ու իրաւունքները:
https://www.lragir.am/2023/11/07/791826/