Գագրայի շրջանի Ալախաձի գիւղը կայացավ «Համշէն» հայ մշակոյթի եւ կենցաղի ամէնամեա փառատոնը։ Միջոցառման կազմակերպիչները ոչ միայն ազգային երաժշտութեան հնչիւններու ներքոյ բոլորին հիւրասիրեցին համեղ ուտեստներ, այլեւ խօսեցին համշէնահայութեան պատմութեան ու ավանդոյթներու մասին։ Փառատոնին ներկա է եղեր մօտ հինգ հազար մարդ։

 «Համշէն» 2023 փառատոնին ներկա է գտնուեր նաեւ Աբխազիոյ առաջնորդ ՝ Ասլան Բաժանիան։ Բաժանեանը ողջոյնի խօսք է յղեր տոնական միջոցառման մասնակիցներուն, որում, մասնաւորապէս, ըսեր է. 

«Կը ցանկընամ ողջունիլ Համշէնի փառատոնի բոլոր մասնակիցներուն, որն արդեն աւանդական, ամէնամեա պայծառ ու գունեղ իրադարձութիւն է դարձեէ Աբխազիա: Փառատոնը  ոչ միայն հայ համայնքի, այլեւ Աբխազիոյ ողջ բազմազգ ժողովուրդի կեանքի մաս մը է դարձեր ։ Պատմական պատճառներով մենք բոլորս դարձեր ենք Աբխազիոյ միասնական ժողովուրդը, անկախ մեր ծագումէն, անկախ լեզուի, մշակոյթի եւ կրօնի նրբութիւններէն, մենք բոլորս Աբխազիոյ քաղաքացիներ ենք՝ կապուած ընդհանուր պատմութեամբ եւ ընդհանուր ճակատագիրով»։ 

Ելոյթով հանդես է եկեր նաեւ ՝ Գագրայի շրջանի հայ համայնքի նախագահ Խաչիկ Մինասեանը։

Մինասեանը նշեց, որ այս տարի տոնն առաջին անգամ է դարձեր միջազգային, ատոր մասնակցեր են Սոչիի եւ Լազարեւսկու շրջանի ներկայացուցիչներ։ «Բազմաթիւ հիւրեր կան Ռուսաստանէն, Հայաստանէն, Արցախի Հանրապետութենէ։  Համշէնի փառատոնը մենք կ՚անուանենք Աբխազիոյ ժողովուրդի բարեկամութեան եւ միասնութեան տոն։ Մեր խնդիրն է ավանդոյթներ փոխանցիլ մատաղ սերունդը»,- ըսեր է  Մինոսեանը։

Համշենահայերը  իրենց ուրոյն եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեամբ, աշխատասիրութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ հայրենանւիրութեամբ կը յանդիսանան  Աբխազիոյ հասարակութեան անքակտելի մասը:

Այս տոնակատարութիւնն Աբխազիոյ բոլոր բնակիչներու եւ հիւրերուն յնարաւորութիւն կու տա ծանօթանալ համշէնահայերու մշակույթին, ավանդոյթներուն, խոհանոցին եւ արհեստներուն: «Համշէն» փառատոնը, որն ունէ միաւորող, բարոյական եւ քաղաքացիական որակներ դաստիարակող առաքելութիւն, կը ծառայէ բարեկամութեան, խաղաղութեան եւ համաձայնութեան գաղափարներուն՝ ի բարօրութիւն Արեւմտեան Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդի:

Յիշեցունք, որ  Աբխազիոյ հայերը հիմնականը Արեւմտեան Հայաստանի Համշէնի շրջանէն են։ 19-րդ դարի վերջերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ սկսան առաջին ջարդերը, որոնց արդիւնքին բազմաթիւ հայեր ներգաղթեցին Աբխազիա։ Փախստականներու հիմնական ալիքը եղեր է 1894 – 1923 թուականին՝ Արեւմտեան Հայաստան Հայերու դեմ իրականացուած  ցեղասպանութեան ատեն։