Հայկական ինքնութիւնը այն քիչ ազգային ինքնութիւններէն է, որը իսկապէս կարող է «համաշխարհային ազգ» տիտղոսը կրելու իրաւունքն ունենալ: Ի՞նչ է հէնց «ազգ» կոչեցեալը, համէնայն դէպս: Սա, իհարկէ, վիճահարոյց հարցադրում է:Կարելի է ըսիլ, որ հայերը հանգիստ կարող են իրենք իրենց ազգ համարիլ, քանզի նախ եւ առաջ իր միասնութեան, անոր արմատներու եւ ընդհանուր ապրելու ցանկութեան գիտակցումը:
Բայց՝ աւելի կարեւոր, այդ քանակը կը կրէ մշակութային բազմազան դրսեւորումներ եւ՝ նոյնպէս կարեւոր, այդ քանակը որոշակի քաղաքական գիտակցութիւն ունէ:
Հայերը բազմազան են, սա անհերքելի է:
Ունին, ասանկ ըսած, քանի մը լեզու,աւելի ճիշտ՝ բարբառներ այսինքն, լեզուական արտայայտման հայերէնի տարբերակներ կան՝ ե՛ւ քանի մը տասնեակ բառբարներ, ե՛ւ այսօր գործող երկու գրական լեզուները:
Բացի այդ, շատ ու շատ հայեր շատ ու շատ այլ լեզուներ կը խօսին՝ յաճախ նաեւ առանց հայերէն իմանալու:
Դեռ չենք խօսի աշխարհագրական բազմազանութեան, աւանդական խոհանոցներու, կամ այլ մշակութային դրսեւորումներու բազմազանութեան մասին: Այս ամէնը փաստարկներ են, որ հայերը միայն ազգ կարող են ըլլալ: «Ցեղախումբեր» կամ սոսկ «համայնքներ», ունենում են, կոպիտ ասած, մի լեզու, մի կրոն, կամ մի կերակրատեսակ: Ազգերու բնորոշման գլխաւոր ՝ գիծը, անոնց ընդհանուր արմատն է։
Հայկական ինքնութեան մասին խոսելիս, պետք է խօսիլ փաստերով ։ Այդ իսկ պատճառաւ ՝ Western Armenia Tv-ին կը ներկայացնէ ՝ յուշարձանագետ, պատմաբան Սամուէլ Կարապետեանի Մանրապատումներ Արեւմտեան Հայաստանէն դիպուածաշարին յատուած մը, որտեղ Կարապետեանը պատմեր է ՝ Արեւմտեան Հայաստան իր այցին մասին։
« Ա) 2007 թուականի Օգոստոս 18-ն էր: Կընկերացեի իրենց ամառային արձակուրդն Արեւմտեան Հայաստան անցկացնող մեր երկու թեմակալներուն` Աջապահեանին եւ Չուլջեանին: Մեքենան կը վարեր Չուլջեան սրբազանը, կողքին նստած էր Աջապահեանը, կերեւի Չուլջեանի եղբորորդին եւ ես: Հետս վերցուցերէի նախորդ 2-3 տարիներուն տարբեր վայրերը լուսանկարածս տեղացիներու նկարներէն`քանիսն առանձին ծրարներու մէջ խմբաւորած: Ի թիւս ատոնց ձեռքն էր նաեւ Մոկսի Լճան գիւղի քուրդ դպրոցականներու պատկերները, որ կը մտածեի, եթէ մոտերքով անցնելու ըլլամ` փոխանցեմ: Բռներ էինք Հայոց ձորէն Փեսանդաշտով դեպի Մոկս գնացող ճանապարհը եւ արդեն կտրեր երկու գաւառներն իրարմէ բաժնող լեռնանցքը, որտեղէն կերեւեր ընկուզենիներու մեջ թաղուած Լճանը: Մեր ճանապարհը գիւղ չէր մտներ, այլ գիւղի տակով կիջներ ուղիղ դեպի գաւառանիստ Մոկս: Միտք ալ չուներ այդ մէկ ծրարին համար ճամփէն շեղուիլ ու գիւղ մտնիլ: Ընդամէնը յուսով էի, որ գիւղամերձ յատուածները այդ գիւղէն որեւէ մէկին ճամփին գուցէ կհանդիպեինք ու հէնց ատանկ ալ կփոխանցեի: Արդեն գիւղի սահմաններէն համարեա դուրս կու գայինք ու մէկ ալ ճամփեզրին մարդ մը երեւաց: Ծրարը փոխանցելու համար խնդրեցի Չուլջեան սրբազանին, որ մարդու մոտ կանգ առնի և միաժամանակ հարցնի, որ եթե մարդը այդ գիւղացի է կամ ո՛չ: Չմոռնամ ըսիլ, որ ծնունդով մալաթիացի սրբազանը մայրենիին պէս թուրքերէն կիմանա: Խնդրանքս կատարուեց. կանգ առանք եւ գիւղացու` լճանցի ըլլալը պարզելէն ետք ծրարը մեկնեցինք մարդուն: Քիչ անակնկալի եկած միջին տարիքին քուրդը նախ հարցուց մեր որտեղացի եւ ի՞նչ ազգէն ըլլալը, ապա լուռ բացեց ծրարը, մէկիկ-մէկին նայեց նկարները, որուն ընթացքը կարծես ոչ այնքան նկարներուն կը նայեր, որքան այլ բանի մը մասին կը մտածեր, լռութեամբ նկարները ետ տեղաւորեց ծրարին մէջ ու մինչ մենք ամէնաշատը մէկ` շնորհակալութիւն բառին կը սպասեինք, ակնթարթեր անխօս մնալէն ետք, հանկարծ ըսեց յետեւեալը.- «Հազար տարի ետք ալ, որ գաք, միեւնոյնն է` ձերն է, ըսեց ու այլեւս առանց ոչ մէկ ուրիշ բառ ավելցնելու շրջուեց ու հեռըցաւ… Բ) Նոյն ճամփորդութեան ժամանակ էր: Եկեր հասեր էինք Արաբկիր քաղաքը: Կը մտածեին` փորձինք տեսնիլ Արաբկիրի մեծաշէն Մայր եկեղեցին կամ այն, ինչը որ կրնար անկէ մնացած ըլլալ: Հին թաղամասին բոլոր-մոլոր ճանապարհին հանկարծ Չուլջեանն Աջապահեանին կը պատւիրէ՝ բարի դեմքով մարդ մը գտիր, կանգնիմ, եկեղեցիին տեղը հարցնինք: Րոպե չանցած Աջապահեանն կսէ` գտեր եմ, կանգնի՛ր: Կանգ առանք ճամփեզրին, սղոցարանին մը առջեւ աշխատող մարդուն քով: Դեռ մինչեւ մեր բարեւին եւ հարցումին պատասխանիլն անմիջապէս հակադարձեց՝ որտեղացի՞ եք, հարցմամբ: Անմիջապէս զգացուեց, որ մեր պարզ պատասխանը մարդուն ինչ-որ այլ հոգեւիճակին մէջ գցեց: Կը սպասենք, թէ որ ուղղութեամբ մեզի կուղորդէ, բայց փոխարէնը կը լսենք յետեւեալը՝ ի՞նչ զարմանալի ժողովուրդ եք դուք, միայն տասը տեսակի խաղող կար, ամէն բարիք ձեզի հետ չքացաւ, ապա կարճ դադարէն ետք, կարծես վերադարձաւ իրականութիւն ու բացատրեց եկեղեցատեղիին գտնուած վայրը… Գ) 2010 թ. Օգոստոս 11-ն էր: Խնուսի Զեռնակ գիւղէն միջահասակ գիւղացու մը ուղեկցութեամբ հասեր էինք Վարաժնունիք եւ Հարք գաւառներու սահմանագլխին գտնուող Զեռնակի բերդն ու կը փորձեինք պահպանուած որմերը դրուագ առ դրուագ լուսանկարիլ եւ մէկ ալ այս մարդը, որ դեռ գիւղն իր համար պարզեր էր մեր որտեղացի եւ ի՞նչ ազգէն ըլլալը, բերդէն դուրս աւելի բարձր տեղ մը կանգնած մեզի` իր քով կը յրաւիրէ:Կը խմբուենք շուրջը եւ կը լսենք յետեւեալ խօսքերը՝ ես ձեզի հիմա Հայաստանն եմ ցոյց տալու, եւ հին անուններն արտաբերելով մէկիկ-մէկիկ մատնացոյց կընէ մինչ 1915 թուականը հայաբնակ Հարք (Բուլանըղ) գաւառի գիւղերը: Այլ ըսպես շարունակ… Գրութեանս կը կցեմ Փեսանդաշտ-Մոկս լեռնանցքէն դեպի Լճան գիւղն ու Զեռնակ բերդէն դէպի Հարքի (Բուլանըղ) դաշտային գիւղերը բացուող տեսարանները»: