Բազմաթիւ փաստեր կը վկայեն, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ բնակչութեան զանգուածային կոտորածներուն ու տեղահանութեանը համընթաց երիտթուրքական կառավարութիւնը կանխամտածուած եւ ծրագրաւորուած կերպով ձգտեր է ոչնչացնիլ նաեւ հայկական քաղաքակրթութեան նիւթական վկայութիւնները: Գիտակցելով եկեղեցու եւ յաւատի դերը հայ ժողովուրդի կեանքը` թուրքական կառաւարութիւնը նպատակամղուած սպաներ է հայ հոգեւորականներուն, ոչնչացուցեր  եկեղեցիներն ու վանքերը, հազարաւոր միջնադարեան ձեռագիր մատեաններ, զավթիլ եկեղեցական գոյքը: Հայկական կոտորածներու արաբ ականատեսներէն մէկը` փաստաբան Ֆայեզ ալ Ղոսէյնը, իր յիշողութիւնները կը գրէ. «…Հայերու կոտորածներէն ետք կառավարութիւնը հանձնաժողովներ է ստեղծեր որոնք կը զբաղուին լքեալ գոյքի վաճառքով: Հայկական մշակութային արժեքներն ամէնաէժան գնով կը վաճառուին… Ես մի անգամ գնացի եկեղեցի` տեսնելու, թէ ինչպէ՞ս կը կազմակերպուի այդ իրերու վաճառքը: Հայկական դպրոցներու դռները փակ են: Գիտութեան գիրքերը թուրքերն կօգտագործեն շուկա պանիր, խուրմա, արեւածաղիկ փաթեթաւորելու համար»:

Ըստ 1912-1913 թթ. Պոլսի հայկական Պատրիարքարանի կողմէն կազմուած եւ թուրքական կառավարութեանը ներկայացուած պաշտօնական պատմագրութեան Օսմանեան կայսրութեան ողջ տարածքը հայկական եկեղեցիներու ու վանքերու թիվն կանցներ  2000-էն (այդ թիւը` IV-V դդ. վաղ քրիստոնեական եզակի յուշարձաններ), որոնց մեծ մասը ցեղասպանութեան ժամանակ թալանուեց, այրուեց եւ աւերուեց:

Հայ ժողովուրդի պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ` երիտթուրքերու որդեգրած ոչնչացման քաղաքականութիւնը շարունակուեց նաեւ հիմա, քանզի ատոնք կը դիտուեին որպէս հայկական ներկայութեան անցանկալի վկաներ:

Սկսած 1920-ական թթ. բռնզաւթուած տարածքը սկսուեր է նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի տեղանունները փոխելու գործընթաց: Ներկայիս Արեւմտեան Հայաստանի տեղանուններու աւելի քան 90%-ը թրքացուեր են: Հայկական աշխարհագրական տեղանունները փոխարինուեր են թուրքականով, ծրագրուած կերպով ոչնչացուեր են հարիւրաւոր ճարտարապետական յուշարձաններ կամ չեզոքացուեր է ատոնց հայկական ինքնութիւնը:

Ըստ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի 1974թ. տուեալներու` 1923-էն ետք կանգուն մնացած հայկական 913 պատմական-ճարտարապետական յուշարձաններէն 464-ն ամբողջովին անյետացեր են, 252-ն ավերակ են, 197-ն ամբողջովին նորոգման կարիք ունին:

Հայկական ճարտարապետական շինութիւնները յետեւողականօրէն պայթեցուեր են, որպէս թիրախ օգտագործուեր  թուրքական բանակի զինավարժութիւններու ժամանակ, իսկ քարերն կօգտագործուին որպէս շինանիւթ: Որոշ գիւղական վայրերը ատոնք կը ծառայեն որպէս գոմ, պահեստ, բանտ: Շատ դեպքերը հայկական եկեղեցիները վերածուեր են մզկիթներու:

Հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը կամ ատոր իւրացումը` հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան թուրքական քաղաքականութեան շարունակութիւնն է: