ԵՄ արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի՝ Նոյեմբեր 13-14-ը Բրիւսել կայանալիք նիստին օրակարգը ըլլալու է  նաեւ Հայաստանի եւ Բաքուիի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։

Բրիւսել  այս մասին տեղեկացուցեր է ԵՄ արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով գլխաւոր խօսնակ Պիտեր Ստանոն։

Նիստին կակընկալուի նաեւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոեանի մասնակցութիւնը։

Ստանոյի խօսքով՝ քննարկումը նախատեսուած էր դեռ նախորդ նիստին՝ Լիւքսեմբուրգ, բայց ժամանակի սղութեան պատճառաւ տեղափոխուեր է Նոյեմբեր 13-14-ի նիստ։