Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստաններու եւ հայութեան զարգացման ներկա բարդագոյն ժամանակայատուածը հայկական ինքնութեան հիմնախնդիրը ոչ միայն ակադեմիական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ, այլեւ ունէ լուրջ գործնական նշանակութիւն:

Ուժեղ ազգային ինքնութիւնը ռազմավարական ռեսուրս է ազգային պետութեան կառուցման եւ ամրապնդման գործընթացը, մինչդեռ ազգային ինքնութեան աղաւաղումը բնաւ չի նպաստեր, այլ խոչընդոտեր է համազգային խնդիրներու եւ նպատակներու շուրջ անհատի եւ հասարակութեան միաւորմանը: Ի վերջոյ, ո՞վ է այսօր հայը: Որքան ալ հարցը նուրբ է եւ կը շոշափէ միլիոնաւոր մարդոց  (յատկապէս արտերկիրը բնակուող մեր հայրենակիցներու) զգացմունքները, այդուամէնայնիւ զիքնը պատասխանիլն անհրաժեշտ է: Թեման յաւուր պատշաճին լուսաբանելու համար նախ եւ առաջ համակողմանիորեն ներկայացնինք այն իրադրութիւնը, որը կը գտնուի հայ ազգն այսօր. այն անառարկելի իրողութիւնները, որոնք մենք պարտաւոր ենք տեսնիլ եւ ընդունիլ այնպէս, ինչպէս անոնք կան, այլ ոչ թէ աչք փակիլ, ինչպէս կընէ  հայութեան ստուար մը յատուածը։

Յարկ է յատուկ նշիլ ամէնահրատապ վտանգը՝ Թուրքիոյ  իշխանութեան մասնակցութեամբ մեթոդապէս ծրագրուող ու մանրազնին նախապատրաստուող ադրբեջանական ներխուժման լուրջ հավանականութիւնը, որու յաջող իրականացման՝ Արցախի եւ հարակից ազատագրուած տարածքին բռնազաւթումէն ետք, Արեւելեան Հայաստանի անհետացումն աշխարհին քարտեզէն կդառնա անխուսափելի, քանի որ յաջորդ (եթէ ոչ միաժամանակեա) յարուածը կհասցուի թիւրքական երկու դաշնակիցներուն տարանջատող վերջին պատւարին՝ Սիւնիքին, որն առանց արցախեան «պատնեշի» զրկուած  գոյատեւման յնարաւորութենէ: 

Եթէ կրճատենք ցանկացած ծառին կէնսատարածքը, ապա այն այլեւս չի աճի, կչորանա։ Հիմա հաիւթեան կենսատարածքն անընդհատ կը կրճատուի։ Սա զուտ հողի խնդիր չէ, ասորով մեր գոյութեան, անվտանգ գոյութեան հարցն է դրուած, յակառակ պարագային՝ կը դրուի հայութեան վերացման հարցը, եւ ատոր պետք է հակադրինք մեր վերապրելու հարցը։ Իհարկէ, կա նաեւ հայրենիքին զգացողութեան կարեւոր պահը։ Հայրենիքին կորստին մէջ զգայական պահն կը դնենք, հոգեւոր արժեքները, որմէ մենք զրկուելու իրաւունք չունինք, այլապէս մեր ինքնութեան պահպանման հարցն է առաջանալու։ Իսկ որպէս կէնսաբանական մարմին, կէնսաբանական հանրութիւն, մենք նաեւ կէնսատարածք կը կորցնենք։ Սա առաջնային խնդիր է, որը լուծում կը պահանջէ ։

Միջազգային հանրութիւնը պատերազմին ընթացքը կրաւորական կեցուածք ընդունեց, որը, ցաւոք, նոր չէ, դա մենք տեսեր ենք Սումգայիթ, Բաքու, Գանձակ, երբ Բաքու հայ ճանաչուած ընտանիքներէն մէկին պաշտպանելու համար սովետական բանակին զինւոր են կանգնեցուցեր  դռան մօտ, ընտանիքը, դժոխային ձայները չլսելու համար, հեռուստացոյց է միացուցեր, որով ցոյց կու տային  ցամաք նետուած կետի փրկութեանը նւիրուած հուզիչ ռեպորտաժ մը, մինչդեռ աշխարհին մէկ այլ անկիւնը հարիւրաւոր մարդոց կը մորթեն, կը խոշտանգեն եւ կը սպանեն, իսկ միջազգային հանրութիւնը «քնած» էր։ Մենք տեսեր ենք նաեւ 1894-1915 թուականներ։ Այս ամէնէն եզրակացութիւն , որ մեր յոյսը պետք է ըլլան առաջին հերթին մեր բազուկը, ինտելեկտը, մեր սերունդին թուաքանակի աւելացումը, անոր առողջութեան պահպանումը, այսինքն՝ այն ամէնը, ինչը կդարձնէ մեզի աւելի ուժեղ եւ կէնսունակ։

Ներկայիս կը տեսնենք, որ բազմաթիւ գիւղերու մէջ, որոնք Արցախին բռնազաւթմամբ յայտնուեր են սահմանամերձին կարգավիճակը, տեղի բնակչութիւնը չի կրնար հանգիստ գոյատեւիլ, գիւղատնտեսական աշխատանքներով զբաղուիլ, մինչդեռ այդ ամէնը միջազգային համաձայնագիրներով երաշխաւորուած իրաւունքներ են։ 

One thought on “ Հայկական ինքնություն”
  1. Johna ( Յովնան) Սալաթեան says:

    Խորին շհնորակալութիւններս ցեզի

Comments are closed.