Եղիշե Չարենցի 125-ամեա հոբելեանի առթիւ Հայաստանի ազգային գրադարանը հանրութեան լայն շրջանակը ներկայացուց «Եղիշէ Չարենց. Մատենագիտութիւն» ծաւալուն գիրքը, որու վրայ աշխատեր են շուրջ երկու տարի: Գիրքին շնորյանդեսը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 10-ին Հայաստանի ազգային գրադարանը: Գրադարանի տնօրեն Աննա Չուլեանի խօսքով՝ մարդն ու գիրքն ունին մէկ ընդհանրութիւն՝ մարդը լոյս աշխարհ կու գա․ իսկ գիրքը լոյսկը տեսնէ, երկուքն ալ լոյս կը բերեն: Մատենագիտութիւնը դեռ Չարենցի 100-ամեակին պետք է պատրաստուեր, սակայն ինչ-ինչ պատճառներաւ նախաձեռնութիւնը կեանքի չի կոչուեր: Վերջապէս մեծ գրողի 125-ամեակին առթիւ յնարաւոր է եղեր կազմիլ եւ հրատարակիլ գիրքը:
Մատենագիտութեան ստեղծման գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունէ հրատարակութեան պատասխանատու խմբագիր Հայկանուշ Ղազարեանը, որը կարողացեր է մէկ հարթակը յաւաքիլ Չարենցին վերաբերող հսկայածաւալ ու կարեւորագոյն նիւթեր: Գիրքին կազմի եւ սուպերշապիկի ձեւաւորման հիմք է հանդիսացեր Եղիշէ Չարենցի 1932 թուականի «Երկերի»՝ Տաճատ Խաչվանքեանի ձեւաւորումը: