Մատենադարանին տնօրէն Արա Խզմալեանը եւ տնօրէնին տեղակալ Վահէ Թորոսեանը հիւրընկալեր են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Չեխիոյ Հանրապետութեան, Ղազախստանի Հանրապետութեան եւ Լեհաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազոր դեսպաններ Պետր Պիրունչիկը, Բոլատ Իմանբաեւը, Պավել Չեպլակը։ Կը յայտնեն Մատենադարանին մամուլին ծառայութենէ
Դիւանագիտական առաքելութեան առաջնորդները Մատենադարանի տնօրինութեան ուղեկցութեամբ շրջեր են թանգարան, ծանօթացեր մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն, եղեր են Վերականգնման բաժինը եւ արխիւաին վավերագրերու պահոցը։ Քննարկուեր են համատեղ ծրագրերու իրականացման յնարաւորութիւնները։
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚ողջունէ Արեւելեան Հայաստան հավատարմագրուած դեսպաններուն այցը Մատենադարան: Մենք հատկապէս կը կարեւորենք սա այցը, յաշուի առնելով, որ իւրաքանչյուր ազգ ունէ իր ուրոյն դիմագիծն ու անձնագիրը: Մատենադարանն այն տեղն է, ուր կը պահուին մեր ազգին հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթին արժեքներուն ամէնամեծ հավաքածուն: Մշակոյթը ցանկացած ազգի ոչ միայն դիմագիծն է, այլեւ անձնագիրը: Հայ ազգը սկսած Արամազդէն մինչ մեր օրերը մարդկային քաղաքակրթութեանը թողեր է անգնահատելի ժառանգութիւն:Ինչքան ալ Թուրքական քոչվոր ցեղերը ցանկըցեր են ոչնչացնիլ զայն, միեւնոյն է, յնարաւոր չէ բնիկ ժողովուրդէն օտարիլ իր իսկ դիմագիծը: Հայը կա, կա անոր ժառանգական հազարամեա կոդը եւ այդ կոդը կրողին կողմէն ստեղծած մշակոյթը, որու հետ ծանոթութիւնը կը յարստացնէ իւրաքանչիւրը: