Լեռնիկ Վարդանեանը ծնուեր է 1978 թ․ Շուշիի շրջանի Քարին Տակ գիւղը, կոչումով փոխգնդապետ էր, պատերազմէն 9 ամիս առաջ նշանակուեր էր Դրմբոնի դեսանտագրոհային գումարտակին հրամանատար։
Պատերազմին առաջին օրը՝ Սեպտեմբեր 27-ին՝ ժամը 11-ին, Դրմբոնի դեսանտագրոհային գումարտակէն երկու դասակ (2-րդ, 4-րդ) եւ առանձին ստորաբաժանումներ՝ ընդհանուր մոտ 60 զինծառայող, գումարտակին հրամանատար Լեռնիկ Վարդանեանի գլխաւորութեամբ կը հասնեն Թալիշին 165-րդ դիրք, որը կը գտնուեր երկրորդ բնագիծ։
Ադրբեջանական ստորաբաժանումներն արդեն գրաւեր էին առաջին բնագիծին քանի մը դիրք: Գումարտակին մէ մասը կը տեծակայուի 165-րդ դիրքին խրամատները: Րոպեներ ետք կը սկսուի հրետակօծութիւն, որու կը յաջորդէ տանկային գրոհ գումարտակին զբաղեցուցած դիրքին ուղղութեամբ, կը խոցուին դիրքին ստորոտը կայանուած երեք «Ուրալ»-ները, Լեռնիկ Վարդանեանի «ՈւԱԶ»-ը:
Լեռնիկ Վարդանեանի հարազատները մինչ օրս յոյս ունին, որ Լեռնիկը չի զոհուեր, այլ կը գտնուի գերութեան մէջ։
Գումարտակի 2-րդ դասակի նռնակաձիգ Վանուշ Պողոսեանը, որուն Լեռնիկ Վարդանեանը հրահանգեր էր նռնականետով դիրքաւորուիլ հրամանատարական դիտակետին մոտակա բարձունքը, իր յուշերը պատմեր է ամսի 27-ի դեպքերու, հրամանատար Լեռնիկ Վարդանեանի զոհուելու հանգամանքներու մասին։
«Ժամը 11։40-ին հրամանատարական դիտակետին վրայ տանկի կրակոցէն կը վիրաւորուի գումարտակին հրամանատարը։ Մատաղիսի ՌՈ պետի տեղակալ Արշակ Աւագիմեանը եւ ես վիրակապեցինք հրամանատարին ձեռքը, րոպեներ ետք տանկի երկրորդ յարուածէն զոհուեց Արշակ Աւագիմեանը։ Մոտեցա հրամանատարին, ըսեց, որ խուճապի չմատնուիմ, վերցնեմ նռնականետը եւ կրակ վարեմ մօտակա բարձունքէն»,- կը պատմէ շարքային Վանուշ Պողոսեանը:
Մօտ կես ժամէն Վանուշը, վերադառնալով դիտակետ, կը նկատէ, որ հրամանատարը դիտակետէն զառիվայրով իջեր է դեպի ճանապարհ եւ պառկած է գետին։ Նա կիջնէ հրամանատարին մօտ:
«Մոտեցա, ստուգեցի զարկերակը, պուլս չկար։ Կապուեցի գումարտակին հրամանատարին տեղակալ Մարատ Իսրայէլեանի հետ ու զեկուցեցի։ Տեղակալը հրամայեց, որ վերադառնամ զորքին մօտ՝ 165 մարտական դիրք։ Դիրքին վրայ ինտենսիւ կրակ կը վարեին, ժամը 4-5-ի միջակայքը, երբ կրակը թեթեւցաւ, գումարտակի շտաբին պետ Արթուր Ֆահրադեանը ըսեց, որ ուղեկցեմ իրեն Լեռնիկ Վարդանեանին քովը, իջանք հրամանատարին մօտ նորէն, ստուգեցինք զարկերակը, կենդանութեան նշաններ չկային, նկատեցինք նաեւ ոտքերու վրայով անցած տեխնիկային հետքեր»,- գրեր է Վանուշը:
Նա եւ շտաբի պետըկը նկատեն, որ իրենց ուղղութեամբ տանկեր կը շարժուին, կը վերադառնան 165 մարտական դիրք, կը միանան զորքին, կը շարունակէ մարտ վարիլ: Յակառակորդին տանկերն արդեն անցեր էին թիկունք, դիրք տանող ճանապարհը անոնց վերայսկողութեան տակ էր: Ամսի 28-ի լոյս գիշերուա ժամը 3-ին կորոշուի նահանջիլ, քանի որ շրջափակման վտանգը մեծ էր, նաեւ կը վերջանար զինամթերքը: Ոտքով կը շարժուին Մատաղիսին ուղղութեամբ։
Սեպտեմբեր 27-ին Թալիշի դիրքերը զոհուեր են դեսանտագրոհային գումարտակի զինծառայողներ Ռոման Փոթոեանը, Գրիգոր Թորոսեանը, Նարեկ Յովհաննիսեան, գումարտակի հրամանատարի տեղակալ Մարատ Իսրայէլեանը եւ Մատաղիսին ՌՈ տեղակալ Արշակ Աւագիմեանը: Թալիշ զոհուած կամ անհետ կորած կը յամարուին գումարտակին հրամանատար Լեռնիկ Վարդանեանը եւ գումարտակին սպա Իրինա Մուսայէլեան, ժամկետային զինծառայող Պապ Այւազեանը։
Լեռնիկ Վարդանեանի հարազատները մինչ օրս յոյս ունին, որ Լեռնիկը չի զոհուեր, այլ կը գտնուի գերութեան մէջ։ Լեռնիկ Վարդանեանին հայրը՝ Արեգ Վարդանեանը, հարցազրոյցներէն մէկին մէջ նշեր է, որ իրենք որեւէ տեղեկութիւն չունին որդիէն։ Միայն իմացեր են, որ պատերազմէն ետք՝ Նոյեմբերուն, մարտադաշտէն յայտնաբերուած զինւորականներու անճանաչելի աճիւններն ու մասունքները փորձաքննութեան եմնթարկած են։ Հարազատները ըսած են, որ համընկնում կա իրենց տուած ԴՆԹ-ի անալիզներու եւ յայտնաբերուած մասունքներու միջեւ։ Սակայն Լեռնիկին հարազատները փորձաքննութեան արդիւնքներուն չեն վստահէ, արտերկիրը կրկնակի փորձաքննութեան տարած են, եւ իրենց խօսքերով, չի համընկեր: Սեպտեմբեր 28-ին Արցախին պաշտպանութեան բանակը հրապարակեր է զոհուածներու անունները, որոնց մէջ նշուած էր Լեռնիկ Վարդանեանին անունը: