Յայտնի իրողութիւն է, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեին Օսմանեան կայսրութեան արտաքին եւ ներքին տուրեւառին, արդիւնաբերական արտադրութեան մէջ եւ բանկային գործերուն մէջ հայերն ազդեցիկ դիրքեր կը գրաւեին::

Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն առեւտրական բուրժուազիան, դրամատերեն ու արդիւնաբերողները, շնորհիւ իրենց տաղանդի ու ձեռներեցութեան, նոյնիսկ օսմանեան բռնատիրութեան ու կամայականութիւններու պայմաններուն, կարողացեր էին տեր դառնալ որոշակի հարստոութեան, ստեղծիթ դրամական զգալի կուտակումներ: Հայերու տնտեսական հզարացման մէջ մեծ վտանգ տեսնելով՝ երիտթուրքերն իրենց գաղտնի ժողովները կը քննարկէին հայերու վերացումով անոնց տնտեսական մրցակցութենէ ազատուելու եւ երկիրը թուրքերու տնտեսական իշխանութիւնը հաստատելու հարցերը եւ միեւնոյն ժամանակ միջոցառումներ մշակում` հայ ժողովուրդի անհատական եւ հավաքական ունեցուածքի բռնագրավման վերաբերեալ: Ամբողջ ժողովուրդ մը կողոպտելու համար նախ եւ առաջ հարկ էր հայերուն ունեցուածքը դարձնիլ տիրազուրկ: Այդ նպատակաւ երիտթուրքական իշխանութիւնները 1915 թուականի յունիս 1-ին հրապարակեցին «Տեղահանութեան օրէնքը», որու գործադրմամբ աւելի քան 2.000.000 հայ բռնի տեղահանուեց եւ ոչնչացուեց: 1915 թուականի յունիս 10-ին հրապարարկուց «Այլ վայրեր տեղափոխված հայերին պատկանող անշարժ գույքերի և հողատարածքների կառաւարման ձեւի մասին» 34 յօդուածէն բաղկացած հրահանգները: 1915 թուականի Սեպտեմբեր 13-ին երիտթուրքական իշխանութԻւնները հրապարակեցին «ԼքԵալ գոյքերՈՒ մասին» ժամանակաւոր օրենքը, իսկ 1915 թուականի հոկտեմբեր 26-ին` այդ օրենքի գործադրման համար այլ վայրեր տեղափոխուած անհատներու լքեալ գոյքերուն եւ պարտքերուն վերաբերող կանօնադրութեանը: Այսպիսով, օրինականացուեց հայերու շարժական գոյքերու, կալուածքներու, ողջ հարստութեան բացայայտ կողոպուտն ու իւրացումը, որն արդեն իսկ կը գործադրուեր Օսմանեան կայսրութեան ողջ տարածքը: Լքեալ գոյքերու մասին իրաւական այս ակտերը ստեղծուած էին ոչ թէ հայերու իրաւունքները պաշտպանելու, այլ զանգուածային թալանը զսպելու եւ պետական գանձանակը լցնելու նպատակաւ.

Հայերու դէմ իրականացուած  ջարդերուն  ուղեկցուեցին հայերու շարժական եւ անշարժ գոյքերու կողոպուտով, որին մասնակցեր են երկրի բնակչութեան բոլոր խավերը: Հարուստ կողոպուտի հեռանկարը լայն զանգուածներու եւ համախոհներու մեծ բանակ հավաքագրեց երիտթուրքական իշխանութիւններու շուրջը: Երիտթուրքերու վարչակազմը հայերու լքեալ գոյքերը հանձնեց տեղահանուած հայերու բնակավայրերու իշխանութիւններուն, նախարարութիւններուն շռայլօրէն տրամադրեց շէնքեր եւ հողատարածքներ, իսկ փոխարէնը գտաւ համախոհներու յսկա բանակ եւ ստացաւ անոնց աջակցութիւնը` հայերու բնաջնջումն իրականացնելու համար:

Պետութեան կողմէն հայերու ծրագրաւորուած կողոպուտին մասին վկայութիւններ կան թէ ՛վերապրողներու, թէ ՛Օսմանեան կայսրութեան տարածքը գործած օտար դիւանագէտներու զեկուցագիրներու մէջ եւ թէ՛ թուրքական աղբիւրները, որոնք եւ կը յաստատեն, որ հայերու ունեզրկումը հայ ժողովուրդին բնաջման ծրագիրը եղեր է կարեւոր դրդապատճառ:  

Տեր դառնալով հայ ժողովուրդին անհատական եւ հաւաքական ունեցուածքին՝ երիտթուրքական իշխանութիւնները բռնագրաւեցին նաեւ հայերու` օսմանեան դրամատուները եւ ապահովագրական ընկերութիւնները պահուող աւանդները:

Աճուրդին առարկա էին դարձեր ոչ միայն նիւթական բարիքները, այլեւ մարդկային կեանքը: Թուրքական կառաւարութիւնն ահռելի գումարներու տեր դարձաւ` նաեւ հայ կանանց ու մանուկները վաճառելով:

 

Անտանտի երկրներու ճնշան տակ, 1920 թուականի հունվար 8-ին, թուրքական

կառաւարութիւնը չեղեալ յայտարարեց «Լքեալ գոյքերու մասին» օրենքը եւ որոշում ընդունեց հայերու լքեալ գոյքերը վերադարձնիլ տերերը եւ փոխհատուցիլ անոնց կրած վնասները, սակայն, յակառակ իշխանութիւններու խոստումներուն, հայերու ունեզրկման գործընթացը շարունակուեց: Քեմալական շարժման ողջ ընթացքին վերապրած հայութիւնը ենթարկուեց կողոպուտի, կոտորածի եւ բռնի տեղահանութեան: Երկիրը հայաթափելէն  ետք, թուրքական իշխանութիւնները 1920, 1923, 1927 թուականներուն ընդունեցին օրէնքներ, որոնք հայերուն զրկեցին քաղաքացիութենէ եւ իրենց պապենական երկիրը վերադառնալու իրաւունքէն: Այս օրենքները թուրքական իշխանութիւններուն յնարաւորութիւն տուեցին տիրանալու հայերու ողջ ունեցուածքին:

Հայերու ունեցուածքին կողոպուտին իրաւական ուժ տալու համար քեմալական իշխանութիւնները 1922 թուականէ մինչեւ 1929 թուականը ընդուներ են «Լքեալ գոյքերու մասին» 9 օրէնք: Այսպիսով, քեմալական իշխանութիւնները շարունակեցին եւ աւարտին հասուցին  երիտթուրքական կառաւարութեան` հայերուն ունեզրկելու ծրագիրին իրականացումը: