Օսմանեան Կայսրութեան շրջանը իշխանութիւնները տարբեր օրէնքներ ու կանօնագրութիւններ հրատարակելով, նպատակաուղղուած, երկրին մէջ մնացած հաիւթեանը հետեւաղականօրէն դուրս էին մղեր տնտեսական կեանքէն եւ զանազան միջոցներով անոնց դրամագլուխը փոխանցեր թուրքերը:
Արեւմտեան Հայաստանին հայերը կողոպտուած էին, սակայն դեռ կը մնար պօլսահայութեան աչքի զարնող հարստութիւնը: Եւ թուրքերը պատեհ առիթը գտան հայերը կրկին կողոպտելու: 1942 թուականի Նոյեմբերի 11-ին Թուրական Ազգային մեծ ժողովը ընդունեց «Ունեցուածքի հարկի մասին» օրէնքը, որու կիրառմամբ կողոպտեցին պօլսահայերու վերջին լուման եւ անոնց մատնեցին աղքատութեան: Այսպիսով, Թուրքական իշխանութիւնները վերջնական հանգրվանի հասուցին Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ունեզրկման գործընթացը:
Հայերուն ուենցուածքին ընդհանուր թալանէն բաժին հասաւ նաեւ
օտար պետութիւններուն: Լքեալ գոյքերուն մասկը կազմեին օտար ապահովագրական ընկերութիւններուն՝ ոսկեդրամով վճարուած հայերու գումարները: Այս ապահովագրական ընկերութիւնները հայերուն նկատմամբ իրենց ստանձնած ֆինանսական պարտաւորութիւնները չիրականացուելով՝ իւրացուցին անոնց գումարները: Հայերուն հետ նոյն կերպ վարուեցան նաեւ Օսմանեան կայսրութիւն մուտք գործած օտար դրամատուները:
Ունեզրկելով ամբողջ ժողովուրդի մը, տիրանալով անոր դարերու քրտինքով եւ տքնութեամբ ստեղծուած ունեցուածքին՝ թուրքական իշխանութիւնները հետագային կարողացան լուծիլ պետութեանը եւ թուրքերու ազգային անվտանգութեանը սպառնացող բազմաթիվ հարցեր: Նախ, հայերու հարստութեան յաշուին թուրքական
իշխանութիւնները լցուցին իրենց դատարկ պետական գանձանակը, հոգացին պատերազմական մեծագումար ծախսերը, վճարեցին արտաքին պարտքերու զգալի մասը: Երիտթուրքական, հետագային արդեն, հանրապետական շխանութիւնները տնտեսական ասպարեզէն վերացուցին իրենց հզոր մրցակցին, անոր ինչքերու, անյատական շարժական եւ անշարժ գոյքերու իւրացումով ստեղծեցին ազգային կապիտալ: Այսօրուա թուրքական տնտեսութիւնը հենուած է հայերէն բռնագրաուուած ունեցուածքին վրայ:
Մուստաֆա Քեմալի ղեկավարած ազգայնական շարժումը, որու յաղթանակին արդիւնքը 1923 թուականի Հոկտեմբեր 29-ին ստեղծուեց Հանրապետական Թուրքիոն, կրկին հայկական ունեցուածքի յաշուին էր, քանզի այն ֆինասաւորուեր է հայերուն ունեցուածքի բռնազաւթումով հարստացած թուրք կալվածատերերու, առեւտրականներու, զինւորականներու կողմէն:
Հայերէն կողոպտուած եւ Ֆինանսներու նախարարութիւն պահուող հարստութօւնը նաեւ հանրապետութեան շրջանը պարբերաբար փրկեր է Թուրքիոն` բազմիցս դուրս բերելով տնտեսական տագնապներից:
Ինչպէս թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամն կը յաւաստէ, իրապէս, Թուրքիոն կը յիմնուի 1894-1915-1923 թուականներու Հայերու դեմ իրականացուցած ցեղասպանութիւններու վրայ:
Թուրքական կառավարութիւնը նիւթական պատասխանատւութիւն պետք է կրէի, քանզի իբրեւ պետութիւն կայացեր է հայերու դարերով ստեղծած հարստութեան կողոպուտին յաշուին: