Դաւիթ Յովհանէեսեանը 2012-2017թթ․-ին սովրեր է ՌԴ Ռյազանի բարձրագոյն օդադեսանտային հրամանատարական ուսումնարանը։ 2018թ.-էն ծառայութեան է անցեր Արցախ՝ Դրմբոնի դեսանտագրոհային գումարտակը՝ որպէս դասակի հրամանատար։ 2020թ.-ի Սեպտեմբեր 27-ին սկսուած Արցախեան պատերազմի չորրորդ օրուընէ նշանակուեր է գումարտակին հրամանատար:

Պատերազմին առաջին օրուընէ Դաւիթն իր գումարտակին հետ մարտական խնդիրներ է կատարեր Մարտակերտին շրջանի Թալիշ, Աղդաբան, Մատաղիս ուղղութիւններով, Մարտունու շրջանի Շեխեր գիւղը եւ Շուշի։

Նոյեմբեր 6-ին Դաւիթ Յովհաննէսեանը վիրաւորուեր է Շուշիին մատոյցները:

Պատերազմէն ետք, Դաւիթ Յովհաննէսեանը կը գրէ «Տարօրինակ պատերազմ» գիրքը։

ժամը 07:35, 27 Սեպտեմբեր, 2020 թ. 

Զանգէն արթնացա։ Ռոբին հեռաձայնիչն էր։ Ռոբին հարսնացուն կը հեռաձայներ  Ստեփանակերտէն։ Հեռաձայնիչին մէջէն կը լսուեր  աղջկա լացը։ Ռոբը կը կրկներ հարցը՝ ինչ է պատահեր։

Ետք Ռոբը թեւս քաշեց, ըսեց՝ Ստեփանակերտը կը ռմբակոծեն։ Զորամաս հասանք, հանդերձաւորուեցանք, դուրս եկանք՝ ինքնաշարժներ նստելու։
Շարժուեցինք դեպի Մարտակերտին շրջան, հասկըցա, որ Մատաղիս կերթանք։ Ճանապարհին շատ քաղաքացիական ինքնաշարժներ կային՝ իրերով, մարդերով լցուած։

Խաղաղ բնակչութիւնը կը փախչեր Արցախէն։ Արկեր կը պայթեին՝ իսկական մահաբեր արկեր։ Կը մտածեի` խաղ է, սարսափելի բան չկա, մեծ բան չէ՝ արկ է։ Ամէն ինչին այնքան հանգիստ կը նայեի, ոնց որ ամբողջ կեյանքը պատրաստուեր էի ատոր, կարծես կեանք մը պատերազմին հետ կողք կողքի ապրեր էի։

Սա պատերա՞զմ է, թէ՞ 2016-ի նման ընդհարում։

Վերեւը կը սւառներ թեւաւոր մահը, ըսպէս կոչուած՝ «կամիկաձեները», իսրայէլական արտադրութեան Harop անօդաչու թռչող սարքերը։ Այնքան շատ էին, որ չէինք հասկընա՝ ձայնը որտեղէն է իրականում։ Այդ նողկալի ու սարսափելի ձայնը, որը կը զգուշացնէ, թէ շուտով մեռնելու եք։

Դիմացի հրաձգութիւնը, պայթիւնները թոյլ չէին տար  կէդրօնանալ ու հասկընալ՝ վերջապէս ինչ կը կատարուի։ Այս մարտական գործողութիւններու բնոյթն կուզեի  հասկընալ, ինչ է ըլլալու ետք՝ լայնամասշտաբ գործողութիւննե՞ր, թէ՞ լոկալ մարտեր։

Աստիճանաբար կը սկսեի  ընկալիլ, որ այստեղէն ողջ չենք պրծնի։ Զինւորներն իրենց կեանքը առաջին անգամ ասանկ քաոս կը տեսնեին։ Տագնապն աստիճանաբար կանցներ։ Այդ պահին նոյնիսկ ժամանակ չէր ըլլա տագնապելու։ Ուղեղդ կաշխտի գերագոյն լարումով, քեզ կը յաւաքես, յակառակ պարագային՝ կմեռնես։

Բոլորը կը փորձեին  ապրիլ։ Միակ ուժն ու հզորութիւնը սպաներն էին զինւորին համար։ Թեեւ սպաներն ալ էին ջահել ու վառոդի հոտին դեռ ծանօթ չէին, բայց սպաները զինւորներու միակ յոյսն էին։ Զինւորներն անառարկելիօրէն կենթարկուեին անոնց, կը նկատեին՝ ով ինչպէս զինքը կը ցւցաբերէ մարտին ատեն։ Զինւորները կը յաւատային իրենց հրամանատարները։ Ուրիշ ելք չկար։

Առայժմ ամէն ինչ լաւ էր։ Արդեն բոլորս սովրեր էինք այս քաոսին։ Մէկ կամ երկու ժամ էր անցեր։

Ես կը տեսնեի թշնամին։ Ուրիշ հանդերձանքով էին։ Ովքե՞ր են սեւ հագած մարդիկ։ Մորուքաւոր էին, առանց սաղավարտի։ Գլուխները կապած էր բանդանաներով։ Ինչ-որ անհասկընալի մարդիկ են։ Կրակահերթը չէր դադարեր։ Անոնց զինւորներն կընկնեին  ու կընկնեին։ Մենք անոնց կոչնչացնեինք, իսկ անոնք կու գային ու կու գային՝ դեպի մահուան երախը։ Ապշած էի՝ ինչու ասանկ ուղիղ կու գան  մահուանն ընդառաջ։ Ոնց որ ուղեղներն անջատած ըլլային։

Թշնամին, «ալլահ ակբար» գոռալով, կու գար մեզի վրայ։ Նորէն փոխհրաձգութիւն, բայց՝ աւելի կանօնաւոր, կրակահերթը փոխուեց մենահատ ու թիրախային կրակոցներու։ Կը կրակեի ու կը նայեկ՝ ինչպես  լուսածրող գնդակները կոչնչացնեն յակառակորդին պաշտպանութիւնը։ Ո՞րն է պաշտպանութեան իմաստը, եթէ այն ասանկ  կարելի էր ճեղքիլ։

Կը հասկընայի, որ տուեալ յատուածը մեզմէ զատ մարդ չկա։ Ու՞ր են մնացածը։ Ես էի գումարտակին հրամանատարը, ու սկսեցի կազմակերպիլ յաւաքը։ Բոլորը յաւաքուեր էին խրամատին կէդրօնը, կը սպասեին յետագա հրամանին։Կուզեինք  դուրս պրծնիլ մահուան երախէն, ու յայտնուիլ մեր զորքին քով՝ Մատաղիս, լրացնիլ մեր պաշարները, հանգստանալ, ու, վերջապէս հասկընալ՝ ինչ կը կատարուի ամբողջ Ղարաբաղով մէկ։

Բոլորս գիտեինք, որ յակառակորդը մեզի շուտունէ է պաշարեր, եւ´ հիմնական բարձունքները, եւ´ վերայսկիչ դիտակետը զաւթուած էին։ Սա կը նշանակեր, որ մեր քայլերթին յաջողութիւնը 50/50 էր։

Ո՞նց կը տանինք  այս հոգեբանական բեռը։ Այլ ճանապարհ չկա։ Կա´մ կտանիս, կա´մ վախին մէջ կմեռնիս։ Ընտրութիւնը մեծ չէ։

…ՀԵտ նայեցի ու հայացքով ճանապարհեցի 101-րդ դիրքին տղաքը։ Նայեցի Վահագնը։ Կանգներ էր ամբողջ հասակով՝ գիշերատեսիլ սարքը ձեռքին, հպարտ առաջ կը նայեր, կարծես կուզեր ըսիլ, որ ինքն ուժեղ է, չի հանձնուելու։

01.10.2020, ժամը 04:30

Արթնացա։ Ինչ-որ մէկը թեւս կը քաշեր ու իմ  անունս կու տար։ Աչքերս բացեցի ու իմ դիմացս տեսա ժպտացող Արսենին՝ մեր վաշտի հրամանատարին։ Արսէնը, մեր զորամասին հրամանատարը, հրամանատարին տեղակալ Իսրայէլեան Մարատը, գաղտնի բաժնի պետ Իրինան ու քանի մը զինւոր մեզմէ բաժանուած էին ճանապարհով։ Երբ առաջին օրը մարտերը սկսուցին, Իրինան յեռձայնիչով կը խօսեր Վլադի՝ իր բաժնի պետին հետ։ Վլադը ետք կը պաըմեր՝ ինչպէս զրոյցին ատեն, մէկ ալ հանկարծ կապը կտրուեց ուժեղ պայթիւնէն ետք

Ամէնայն հավանականութեամբ անցնող տանկերը կրակեր են ու պայթեցուցեր գաղտնի փաստաթուղթերը տեղափոխող ինքնաշարժը եւ Իրինան զոհուեր է։ Դժբախտաբար Իրինային ճակատագիրը մինչեւ հիմա անյայտ է։ Պարոն կապիտան Մարատ Իսրայէլեանը՝ զորամասին հրամանատարին տեղակալը՝ տեխնիկական ապահովութեան գիծով, նոյնպէս 165-րդ դիրքն էր։ Ետք կպարզուի յետեւեալը․ պարոն Իսրայելեանը վիրաւորուեր էր, եւ երբ մարտերու թեժ պահին պետք էր նահանջիլ 165-րդ դիրքէն։ Զինւորները վազեր են Իսրայէլեանի քով, որ օգնեն դուրս գալ դիրքէն, Իսրայէլեանը զինւորները կըսէ, որ գնան ու ստուգեն ճանապարհին անվտանգութիւնը։ Երբ զինւորները կը վերադառնան Իսրայէլեանին յետեւէնց, նա արդեն ողջ չի ըլլար։ Զինւորներն ըսեցին, որ Իսրայէլեանը յատուկ էր ատանկ ըրեր, որ զինւորները չտեսնեն՝ ինչպէս է զինքն իր վրայ կրակեր։ Պարոն Իսրայէլեանը մտածուած սպաներ էր ինքնզինքը, որ գերի չընկնէ ու զինւորներու համար բեռ չդառնա․․․

Ռուսերէնէն թարգմանութիւնը՝ Լուսինէ Յովհաննիսեանի