Ժողովրդավարութիւնը թուրքական եղանակով. Ermeni Haber լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ հայերը պատկանող լրատուամիջոցներուն թուրքական պետական ​​ֆինանսական աջակցութեան դադարեցման մասին։ Յունական եւ իսրայէլական լրատուամիջոցները նոյնպէս կորուսեր են ֆինանսաւորումը: Սա մասին կը գրէ «Рыбарь» Telegram ալիքը։

«Գաղտնիք չէ, որ թուրքական իշխանութիւնները ակտիւորեն կը պայքարեն այլախոհութեան դէմ՝ օգտագործելով անդրկուլիսային ճնշումներ՝ ազդելու պարբերականներու խմբագրական քաղաքականութեան վրայ։

Ինչպէս աւելի վաղ յայտներ էր Bloomberg-ը, երբեմնի անկախ Sabah պարբերականը, իշխանութիւններու ճնշման ներքոյ, վաճառուեր է որոշ գործարարներէն կազմուած կոնսորցիումին, որը կը գլխաւորէ ՝ Ռեջեփ Թայիփ Էրդողանի փեսան, ինչն օրաթերթը դարձուցեր է կառաւարութեան խոսափողը։

Նաեւ, թուրքական օրենսդրութեան համաձայն, հեռայաղորդակցութեան պետական ​​գործակալութիւնը  իրաւունք ունէ պահանջիլ արգելափակիլ համացանցը ցանկացած հրապարակում առանց դատարանի յաւանութեան:

Յաւանաբար, թուրքական իշխանութիւններու աճող մեդիա ակտիւութեան եւ Էրդողանի՝ որպէս բոլոր մուսուլմաններու պաշտպանի կերպարը ուռճացնելու ֆոնին, երկիրը այլախոհութեան դէմ պայքարն աւելի նկատելի կդառնա։ Իսկ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը հաճոյքով կօգտուի Արցախի, Կիպրոսի եւ Իսրայէլի շուրջ ստեղծուած իրավիճակէն՝ չհամաձայնողներու բերանը փակելու համար»,- կը գրէ «Рыбарь»-ը։