2023 թուականի Սեպտեմբեր 20-ին Բաքուի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի գիտաշխատող Նատիք Ալիշովն իր դիմատետրին էջը տեղադրեր է լուսանկարներ Արցախի Տիգրանակերտի Արքայական աղբիւրներէն: Լուսանկարներէն կերեւի, որ Փանահ խանի կողմէն կառուցուած մզկիթին յարաւէն կից տարածքը  հողային աշխատանքներ կընթանան: Աշխատանքներու յետեւանքով բացուերլ են միջին չափի կոպտատաշ քարերէն շարուած պատի յատուածներ: Մեկնաբանութիւնները ադրբեջանցի հնագէտըկը նշէ, որ այդ տարածքը իրենք աշխատանքներ են իրականացուցեր դեռեւս 2023 թուականի Օգոստոս 23-էն։

Նշինք, որ 2021 թուականէն ի վեր ադրբեջանական կողմը պարբերաբար կը յայտարարէր, որ «հայկական բռնազաւթումէն ազատագրուած» տարածքները հնագիտական աշխատանքներ կը նախատեսուին: Սա Տիգրանակերտի ադրբեջանական «պեղումներու» մեզ յայտնի առաջին փաստն է։ «Պեղումները» նախաձեռնուեր են Արքայական աղբիւրներու շրջակայքը՝ 18-րդ դարի մզկիթին կից։ Ընդ որում, բացեր են պատի յատուած մը, որը Տիգրանակերտի արշաւախումբին կողմէն պեղուեր  է դեռեւս 2011 թուականին: Այն մզկիթին կից գերեզմանոցի հենապատն է: 2011 թուականին Արքայական աղբիւրներու շրջակայքը իրականացուած պեղումներու արդիւնքը բացուեր են նաեւ մզկիթին առջեւ գտնուող ջրավազանը, կից ժայռին փորուած կառոյցի մը ժապաւենաձեւ հիմքերը՝ հար եւ նման Ամրացուած թաղամասի պարսպահիմքերուն: