Նոյմբեր 13-ին Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպանութեան կողմէն կազմակերպուեր է պաշտօնական ընդունելութիւն՝ ի պատիւ Արեւելեան Հայաստանի ԱԳ նախարարի այցի, ի նշանաւորումն Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Արեւելեան Հայաստանի դեսպանութեան նոր շէնքի բացման եւ Արեւելեան Հայաստան-Միացեալ Թագաւորութիւն ռազմավարական երկխօսութեան մեկնարկի:
Արեւելեան Հայաստանի ԱԳՆ լրատուականին յաղորդմամբ՝ միջոցառմանը մասնակցեր են Միացեալ Թագաւորութեան խորհրդարանի երեսփոփաններ, արտաքին, համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան ներկայացուցիչներ, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ հայկական համայնքի, հասարակական-քաղաքական գործիչներ։
Ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքով հանդես են եկեր Արեւելեան Հայաստանի ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոեանը եւ Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին, համագործակցութեան եւ զարգացման նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կէդրօնական Ասիոյ վարչութեան տնօրէն Քրիս Ալանը, Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Արեւելեան Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսիսեանը։
Նշինք նաեւ, որ Բրիտանիոն կընդլայնէ Արեւելեան Հայաստանի հետ կապերն տուրեւառի եւ անվտանգութեան ոլորտը՝ կառուցելով աւելի սերտ համագործակցութիւն եւ դիւերսիֆիկացնելով Արեւելեան Հայաստանի տնտեսական յարաբերութիւնները: Լեո Դոքերթին Արեւելեան Հայաստանի արտգործնախարար Արարատ Միրզոեանի հետ Միացեալ Թագաւորութււն-Հայաստան առաջին ռազմավարական երկխօսութեան ընթացքը այս հանձնառութիւնն է ստանձներ՝ հիմնվելով ընդհանուր շահերու շուրջ քննարկումներու վրայ: