Միջազգային քրեական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենո Օկամպոն կը կարծէ, որ պետութիւնները միտումնաւոր կերպով կանտեսեն  ցեղասպանութիւններու վտանգը, որպէսզի պարտաւորուածութիւն չկրեն ատոնք կանխելու համար։ Լուիս Մորենո Օկամպոն նշեր է, որ Բաքուի ռազմական ագրեսիայէն ետք Արցախ տեղի ունեցած բռնի տեղահանումը եւս ցեղասպանութեան ձեւ է՝ շեշտելով, որ ցեղասպանութիւնը միայն մասսայական սպանութիւնը չէ։ 

Հարցին թէ  Արցախին ժողովուրդին իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ի՞նչ իրաւական մեխանիզմներ կան, որոնք կրան գործիլ։ Լուիս Մորենո Օկամպոն պատասխաներ է, որ պետք է պայքարւլ ժողովուրդին իրաւունքը հարգելու համար, քանի որ ժողովուրդը, եթէ անգամ հոն չէ, միեւնոյնն է՝ այդ հողի ու գոյքի տերն է, ուստի պետք է յարգիլ անոր իրաւունքները։ Օկամպոն նշեր է, որ առաջնահերթ խնդիր  կը յամարէ ապաքինուիլը, պատանդներուն ազատիլը։ Բաքու  կա 53 բանտարկեալ։ Խնդիրն այն է, որ միջազգային իրաւունքն անանկ չի գործեր, որ, օրինակ, եթէ ինչ-որ մէկը գողնա քու հեծանիվդ, դուն կրնաս դիմիլ ոստիկանութիւն եւ դատարան: Ոչ, նման բան չկա: Կա Արդարադատութեան միջազգային դատարան, ենթադրաբար, պետութիւններու համար, եւ կա Միջազգային քրեական դատարան՝ անձանց հետապնդելու համար: Այդ մարդոց ազատ արձակելու իրաւական գործընթացը պարզ չէ, բայց  պետք է քաղաքականապէս զարգացնենք գործընթացը։ Այդ իսկ պատճառաւ  Եվրախորհրդարան Արցախին  հարցով համաժողովը կարեւոր էր։