Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (Caucasus Heritage Watch) կահազանգէ բռնազաւթուած Արցախին Հադրութի շրջանը գտնուող հայկական եկեղեցու աւերման մասին, ինչը կը փաստէ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի որոշման խախտման մասին։ 2022 թուականի ամռանը Caucasus Heritage Watch-ը արձանագրեր էր 2020 թուական 44-օրեա պատերազմէն ետք Բաքուի իրավասութեան տակ անցած Յադրութի շրջանի Մոխրենես գիւղի գրէթէ ամբողջական աւերումը։ Հիմնովին աւերուած կառոյցներու թիւն էր նաեւ Մոխրենեսի Սուրբ Սարգիս հայկական եկեղեցին, որը կառուցուեր էր 18-19-րդ դարերուն։ Սակայն, ինչպէս նշուած է հրապարակման մէջ, Սուրբ Սարգիս եկեղեցու քանդումը, ըստ ամէնայնի, վերջին քայլը չէր ադրբեջանական միջամտութեան առումով, քանի որ կազմակերպութիւնն իր շարունակական դիտարկման ընթացքը փաստագրեր է ապացոյցներ հետագա շինարարական աշխատանքներու վերաբերեալ։
Կազմակերպութիւնը կը հիշեցնէ, որ Բաքուն պարտաւոր է պաշտպանիլ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը եւ կանխիլ Մոխրենես հայկական դարաւոր մշակութային եւ կրօնական կեանքը ջնջելու ցանկացած փորձ։ Յիշեցունք, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ին որոշեր էր՝ պարտադրիլ Բաքուն «ձեռնարկիլ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ կանխելու եւ պատժելու վանդալիզմի ու պղծման գործողութիւնները՝ ուղղուած հայկական մշակութային ժառանգութեան, ներառեալ՝ եկեղեցիների եւ այլ պաշտամունքի վայրերու, յուշարձաններու, տեսարժան վայրերու, գերեզմանատուներու եւ արտեֆակտերու դէմ»: