


30-ամեա հրետանային դիվիզիոնի հրամանատար, մայոր Անդրանիկ Լալաեանը հայրենիքը պաշտպանելիս զոհուեր է 44-օրեա պատերազմին ատեն՝ կեանքին գինով պահելով Մատաղիս-Մարտակերտ ուղղութեամբ գտնուող Գետակ-Բրուն բարձունքը։
Անդրանիկ Լալաեանը դիվիզիոնի հրամանատար էր նշանակուեր 2020թ․-ի փետրւարին: Պատերազմին առաջին օրերը դիվիզիոնը տեղակայուած էր Ակնայի շրջանի Գիւլիջա տեղամասը։ Հոկտեմբեր 14-էն Անդրանիկը կը տեղափոխուի Մարտակերտի եւ Մատաղիսին միջեւ գտնուող Գետակ-Բորուն բարձունքին վրայ գտնուող հրամանատարական դիտակետ, որտեղէն կոորդինատներ կը փոխանցեր իրենց թիկունքը գտնուող հրետանային մարտկոցներուն։ Նոյն օրը Անդրանիկը կը զանգահարէ մայրն ու կ՚ըսէ, որ կնոջ՝ Անիի եւ թոռներու հետ դուրս գան Արցախէն։ Վալիդան հարսի եւ թոռներու հետ կը տեղափոխուին Աբովեան քաղաք։
Անդրանիկին հայրը՝ Գրիշա Լալաեանը, պատերազմին ընթացքը մասնակցեէ է Վերին Թաղաւարդի պաշտպանութեանը: Հոկտեմբեր 27-ին Թաղաւարդ գիւղին մասը մը՝ Վերին Թաղաւարդը անցաւ Բաքուի վերայսկողութեան տակ։
Հոկտեմբեր 18-ին Գրիշան կը հեռաձայնէ կնոջը ՝ Վալիդա Ադամեանը եւ ետ կը կանչէ գիւղ, Անդրանիկը զոհուեր է։
Անդրանիկ Լալաեանին կը յուղարկաւորեն Յոկտեմբեր 19-ին՝ Թաղաւարդ։ Հայրը՝ Գրիշան, կը մնա գիւղը, որտեղ մինչեւ Յոկտեբեր 27-ը մարտեր կ՚ընթանային: Վերին Թաղաւարդին պաշտպանութեան վերջին օրը Գրիշային հետ կապ կը հաստատեն իրեցմէ բարձր դիրքաւորուած գիւղացիները եւ կը յայտնեն, որ շրջափակման մէջ է։
2020-ի Յոկտեմբեր 28-ին գիւղին մասը մը՝ Վերին Թաղաւարդը կ՚անցնի Բաքուի վերայսկողութեան տակ, որտեղ կը գտնուի նաեւ գիւղին գերեզմանատունը։
Թաղաւարդին գերզմանատանն էին յուղարկաւորուած 44-օրեա պատերազմը զոհուած Անդրանիկն ու եւս չորս համագիւղացիներ՝ Հովիկ Աւագեանը, Արամ Ղազարեանը, Արտաշէս Դանիէլեանը, Էրիկ Յօւսեփէանը։
Պատերազմէն ետք՝ Դեկտեմբեր 19-ին, անոնց աճիւնները վերահուղարկաւորուեր են Ստեփանակերտին եղբայրական գերեզմանատանը։ Անդրանիկ Լալաեանը յետմահու արժանացեր է «Մարտական Խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանի։