Հայաստանը եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու շրջանակէն դուրս, ԱՄՆ-ի եւ ԵՄ-ի ուղղորդմամբ, խիստ ռիսկի կ՚երթա եւ կրնա կտրուիլ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներէն։ Այս մասին ճեպազրոյցին ժամանակ յայտարարեց ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։«ԱՄՆ-ն ու ԵՄ-ն շատ տեղեր հանդես կու գան իբրեւ երաշխաւոր, բայց քիչ տեղեր անոնց կը յաողուի ինչ-որ լապ ու դրական բան ընիլ։ Յաճախ անոնք շատ բան կը խօստանան, քիչ բան կ՚ընեն, եւ իրավիճակը կ՚օգտագործեն բացառապէս իրենց նպատակներուն համար: Ռուսատյացութիւնը անոնց օրակարգն է, հակառուսական քայլերը անոնց համար ճանապարհային քարտեզ է»- ըսեց Մարիա Զախարովան։
Անոր պնդմամբ` ԱՄՆ-ն եւ ԵՄ-ն անտարբեր են տարածաշրջանին երկրներու ապագային նկատմամբ։ Անոնց նպատակը բոլորը իրար դէմ հանիլն է։