The Primise Armenian inistute կայքը Դոկտոր Էլիզ Սեմերջեանը քննարկեր է  իր «Մնացորդներ» գիրքը, որտեղ դաջուած եւ սպի կրող կանայք կը բացայայտեն սեռի եւ ցեղասպանութեան աւելի մեծ պատմութիւնը: Սեմիրջեանը կը նշէ, որ Հայերուն դէմ իրականացուած  ցեղասպանութեան պատկերներէն առաջնայինը դաջուած իսլամացած հայ կանանց համայնքային յիշողութիւնն է: Կապոյտ ցեղային դաջուածքները, որոնք կը ծածկեին դէմքն ու մարմինը, կը նշանակեին որ  ձուլուերլ են  մահմեդական բեդւիններու եւ քրդական տուներուն հետ:

Սեմերջեանը  իր քննարկումը  կէդրօնացուցեր է  Մարիամ Ազարեան անունով երիտասարդ կնոջ մը  1919 թուականի մարդասիրական դիմանկարին համատեքստին վրայ: Մինչ հավաքագրման եւ միացման գործընթացը մոռացութեան է մատնուեր ցեղասպանութեան զոհին անունը, Սեմերջեանը ներկայացուց  իր մեթոդաբանական մոտեցումը դաջուած հայ կիներու  թեմային: 

Կան դաջուածքին տեսակներ, որոնք ինքնաարտայայտման նշան են, որոշները ցոյց կու տան, որ մարդն այս կամ այն խումբին անդամ է, որոշներն ալ պատժի ձեւ են եղեր։ Բացի այդ՝ կա նաեւ հալեպցի կնոջ մը՝ 1919-ին արուած լուսանկարը։ Անոր դաջուածքները կը սկսուին  դէմքէն ու կիջնեն մինչեւ պարանոց, ինչը կերեւի անոր կիսաբաց վերնաշապիկին տակէն։

Կնոջ անունը յայտնի չէ, սակայն նկարը բացատրող մակագրութեան մէջ ներկայացուած է անոր պատմութեան  կտորը մը։ Նա հայ է եղեր ու Երիտասարդ կիներու քրիստոնեական ասոցիացիային շնորհիւ կրցեր է փախչիլ հասարակաց տունէն։ Մակագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Հայերուն դէմ իրականացուցած ցեղասպանութեան ժամանակ կիները գերեւարուեր են ու ստրկացուեր, կամ անոնց ստիպեր են մարմնավաճառութեամբ զբաղուիլ, դաջուածքներն ալ ըրեր են, որ տարբերակեն անոնց։ Ատ խօրապես վրդովեցուցիչ նկար է, փոքր պատմութիւն մը, որը մէկն է այն անժխտելի փաստերէն, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ  տեղի է ունեցեր ցեղասպանութիւն`գենոցիդ, որը մինչ օրս կը ժխտուի Թուրքական իշխանութիւնը։