Օսմանեան կայսրութեան մէջ ոչ թուրք ժողովուրդներու նկատմամբ դարեր շարունակ իրականացուած հալածանքի քաղաքականութիւնը չի շրջանցեր նաեւ լեզուական ոլորտը: Բնականաբար, այդ քաղաքականութեան գլխաւոդ նպատակն էր ստիպիլ կայսրութեան տարածքը բնակուող բոլոր ոչ թուրք ժողովուրդներուն չկիրառիլ եւ մոռնալ իրենց մայրէնի լեզուները, փոխարէնը կիրառիլ թուրքերէն (օսմաներէն): Լեզուի հետ կապուած հասարակական-քաղաքական զարգացումները Օսմանեան կայսրութեան մէջ առաւել ակտիւացան XIX դարի սկզբները, մասնաւորապէս` Թանզիմաթեան ռեֆորմներին զուգահեռ, երբ փորձ արուեց մտաւորականներու կողմէն պարզեցնիլ խրթին օսմաներէնը, սակայն այդ ջանքերը ունեին այլ թիրախ եւս` աւելցնիլ թուրքախօսութեան աշխարհագրութիւնը եւ մակարդակը: 1876 թ. ընդունուած օսմանեան սահմանադրութեանբ առաջին անգամ թուրքերէնը տրուեց պետական-պաշտօնական լեզուին կարգավիճակ:
Թուրքերէնի պարտադրման մշակուած քայլերն ալ ավելի ցայտուն դրսեւորուեցին XX դարի սկիզբը երիտթուրքական կառավարման տարիներուն եւ ոչ թուրք ժողովուրդներու լեզուներու դէմ պայքարը սկսեց ձեռք բերել պետականորեն կազմակերպուած բնոյթ :
Օրինակ` ըստ ակադեմիկօս Հրաչիկ Սիմոնեանի, Պօլսի քաղաքային իշխանութիւնները քաղաքի ֆրանսերէն ցուցանակները 1-2 օրը փոխարինեցին թուրքերէնով, տարածուեց «պետք է գրուի թուրքերէն» կոչ-հրահանգը: Պետական կառոյցներուն զուգահեռ մուսուլման հասարակութիւնը նոյնպէս ընդգրկուած էր ոչ թուրք ժողովուրդներու լեզուներու դէմ պայքարը, եւ կ՚արձանագրուէին այլալեզու ցուցանակներու կոտրում, այլախօսներու դէմ հրապարակային բռնութիւններ եւ այլն: Այս յալածանքները եւ սպառնալիքները տուին որոշ արդիւնքներ եւ ահաբեկուած առեւտրականները, արհեստաւորները, հիւրանոցատերերը եւ այլն սկսեցին իրենց խանութներու, արհեստանոցներու, հիւրանոցներուն հայերէն, հունարէն, ֆրանսերէն, իտալերէն գրութիւնները դարձնիլ թուրքերէն:Ինչպէս ազգայնամոլական քաղաքականութեան այլ բաղադրիչներ, այնպէս ալ ոչ թուրք ժողովուրդներու մայրէնի լեզուներու դէմ պայքարը գրեթէ նոյն մեթոդներով կը շարունակուի նաեւ հիմա։
Լեզուի կամ առաւել կոնկրետ լեզուական ձուլման խնդիրը ազգայնամոլական ուժերու օրակարգն էր Քեմալական Թուրքիոյ հիմնադրման արդեն առաջին տարիներու: Ասանկ, 1925 թ. թուրքական թերթերը քարօզչական յայտարարութիւներ կը տպագրուեին, որտեղ ի շարս թուրքական ապրանք գնելու, թուրքական խանութներէն օգտուելու կոչերուն` յստակ կը նշուեր. «Թուրքերէն չխօսողը մի՛ պատասխանիր»: