Յուսիկ Յովակիմեան ծնուեր է 1996 թուականին՝ Արարատի մարզի Բերքանուշ գիւղը։ Տնեցիներու երկար ու շատ սպասուած արու զաւակն էր, երեք քոյրերու ու ծնողներու յոյսն ու հենարանը։

Դպրոցն աւարտելէն ետք ընդունուեր  է Վազգէն Սարգսէանի անուան ռազմական համալսարան, սակայն որոշեր է մեկնիլ ծառայութեան։ 2014-2016 թթ. ծառայեր է Մեխակավանի զորամասը, որպէս հրետանաւոր։ Խիզախ պատանին ծառայութեան մէջ էր, երբ սկսաւ Ապրիլեան 2016 թ.քառօրեա պատերազմը։ Իր զինակից ընկերներուն հետ անցեր է պատերազմին ամէնադաժան ու սարսափելի փորձութիւնները, միշտ աչքի ընկնելով իր քաջութեամբ, համարձակ քայլերով։ Ապրիլեանի օրերուն հրաշքով էր ողջ մացեր, երբ արկն ընկեր էր իր վառելանիւթին բաքի արանքը ու չէր պայթեր։ Զորացրուելէն ետք յաճախ է պատմեր այդ հրաշքին մասին։ 2016-ին զորացրուեր է՝ ՊՆ-ի կողմէն ստանալով Ապրիլեան քառօրեա պատերազմի մարտական գործողութիւններու մասնակցի հավաստագիր։ Զորացրուելէն  ետք, քանի մը ամիսը արագ իւրացուցեր էր խոհարարական արուեստին շատ նրբութիւններ ու իր տաղանդը դրսեւորելով առաջ կերթար։ Կուզեր  Ֆրանսիոյ խոհարարական բարձրագոյն համալսարանը սովորիլ։ Սակայն անհամբեր երիտասարդն իր տեղը չէր գտներ, անընդհատ փնտրտուքի, որոնումներու մէջ էր, կուզեր  այս կեանքը իր կոչումը հասկընալ, իր տեղը գտնիլ…

Կոչումը մէկն էր, ապրիլ, պայքարիլ, կռուիլ յանուն հայրենիքի, յանուն ամէնքի, կէանքը չխնայելով… Յանուն հայրենիքի… Հայրենիքին կանչով, Յուսիկը գնաց պատերազմին հէնց երկրորդ օրը, Սեպտեմբեի 28-ին, ստիպելով Արտաշատի զինկոմիսարիատի աշխատակիցները,  իրեն ալ  ուղարկեն։ Ստիպեր էր, վերջին շնչով վազիլ շարժուող աւտոբուսին յետեւէն  ու խցկուիլ ինքնաշարժը։ Գնաց ու նորէն անցաւ պատերազմին դժոխքի միջով նոյն Մեխակաւանը, ետք Յադրութ, մղձաւանջային օրեր ու չարաբաստիկ Յոկտեմբեր 21։ Ինչպէս Ապրիլեանի օրերուն, այնպէս ալ վերջին պատերազմը, անոր շուրթերէն միայն բան մը լսեցին հարազատները լաւ եմ, շատ լաւ… Կռուին դաշտը մէկ հրանոթին կողքին էր, մէկ խրամատը, մէկ գրոհին պատրաստ խումբին մէջ, մէկ վարորդ էր, մէկ հրամանատար… Դեռ Ապրիլեանի օրերուն էր հրամանատարը բողոքեր, որ ամէն ինչ կը վերցնէ  իր վրայ։ Ջաբրայիլին ծանր մարտերուն օրերը ընկերոջ՝ Էդգարին հետ, դիրքը մնացեր են միայակ։ Դիրքապահները մասը մը զոհուեր են, միւսները փախեր կռուի դաշտէն։ Տղաներն ընկեր են շրջափակման մէջ, ոչ միայն պահեր են դիրքը, դիմացեր թշնամու գրոհներուն, հրետանու յարուածներուն, այլեւ յակադարձ յարուածներ են հասուցեր։

Անոնք երկու հոգով, թշնամիին շփոթեցնելու նպատակաւ, անընդմէջ տարբեր զէնքերէն ու զիպատեսակներէն կրակ են բացեր թշնամիին ուղղութեամբ, մոլորեցնելով յակառակորդը։ Թշնամին այդ ուղղութեամբ անընդմէջ գրոհներ է կազմակերպեր, հրետանային յարուածներ հասուցեր դիրքին, փորձեր գրաւօլ այն, բայց դիրքին պաշտպան քաջերը թոյլ չեն տուեր։ Միայնակ կռիւ են տուեր թշնամիին դէմ, մինչեւ ողջ զինամթերքը սպառուեր է։

Իջեր են թիկունքին դիրք, ետք արդեն ապահովիլ այդ դիրքին զինւորներուն նահանջը։ Յադրութ շարունակեր է կռիվը, 630 հոգով ընկեր են շրջափակման մէջ, մի կերպ, 4-5 օր շրջափակման մէջ գտնուելէն ետք, մարդու մը նման, առանց կրակոցին, առանց կորուստին կարողացեր են դուրս գալ ու նոր դիրք զբաղեցնիլ։ Յադրութ էր, երբ հարազատները զանգեցին, որ ըսեին մայրդ ծանր է, սիրտը չի դիմանա, գոնէ  քանի մը օրով տուն արի։  Վերջին դիրքը եղեր է Յադրութին «Թութակներ» կոչուող դիրքը։ Յոկտեմբեր 21-ն էր։ Այդ օրն ալ, այդ չարաբաստիկ օրն ալ տեղը չի նստերլ, ամէն ինչ ըրեր է, որ զինակիցը ապրէ։ Յակադարձեր է պատերազմին սարսափներէն քարացած զինակիցներուն, որոնցմէ ոչ մէկը խիզախութիւն չի ունեցեր դիրքէն իջնելու, եւ իր ամուր, տաք բազուկներով գրկեր է իրենցմէ ընդամէնը մէկ տարով փոքր վիրաւորին, որն իր աղերսով շարժեր է անոր գութը, դրեր է շտապօգնութեան ինքնաշարժը ու իջեր դիրքէն, բայց ըդպէս ալ Մարտունու հոսպիտալ չի հասեր…

Երբ արդեն քանի մը օր էր, որ լուր չկար, «Թութակներ» կոչուող դիրքը բոլորը յաւատացած էին. Հուսոյին բան չի ըլլա, ինքը շատ ուժեղ է, զինքը ոչ մէկը չի կարող յաղթիլ… Ճանապարհին ինքնաշարժը շրջափակման մէջ է յայտնուեր։ Յուսոն մինչեւ վերջին շունչը պայքարեր է վիրաւորներու կեանքին համար։

Թշնամին օրեր շարունակ պետական յեռուստաալիքներով տեսանիւթեր կը յրապարակեր ու կը յայտարարեր, որ դիպուկահարին, խափանարար խումբի է սպաներ։ Քաջաբար մարտնչած Հուսոյի եւ երեք վիրաւորներու մարմինները թշնամին տեղափոխեր է յատուկ վայր եւ առանձին-առանձին քաջերուն յատուկ պատւով հողին հանձներլ։ Միայն նա կրնար, անտեսելով ամէն վտանգ, դիրքէն իջնիլ այդ օրը, զինակիցը փրկելու համար եւ արիւնարբու ոսոխին դէմ մինչեւ վերջ պայքարիլ, վիրաւոր ընկերներուն կեանքին համար… 24 օր հերոսաբար կռուած խիզախ, անկոտրում, անձնւեր ու անձնազոհ երիտասարդին մարմինը Դեկտեմբերին վերջը փոխանցուեր է հայկական կողմը եւ Հայոց հողը հանձնուեր  հունւար 24-ին, Եռաբլուր։