Ամերիկեան Հնդիկներու “Թիւպաժ Ամարու” Շարժումը
Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Համագումար
Կէտ 5 – Կառուցուածքներ ու մեքանիզմենր՝ մարդու իրաւունքները պաշտպանելուԾայրահեղ աղքատութեան պատճառները, անոնց անտեսումը, ներառեալ փոքրամասնութիւններու եւ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու լուրջ խախտումները՝ չեն գտնուիր մեր միտքերուն մէջ, սակայն ներկայ են շուկայի կոյր օրէնքներով առաջնորդուող համաշխարհայնացման ծայրահեղ ազատականներու տեղեկագիրներուն մէջ։
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը ձախողուած է պաշտպանելու ազգային փոքրամասնութեան մը պատկանող անձի իրաւունքները, մշակութային, ծագումնաբանական եւ լեզուական փորքրամասնութիւններու իրաւունքները։
Միջազգային Պայմանագիրի 27-րդ յօդուածը, որ կը վերաբերի 1966 թուականին ընդունուած քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներուն, ուր ՄԱԿ-ի յայտարարութիւնն է յանձինս ազգային, ծագումնաբանական եւ լեզուական փոքրամասնութիւններուն՝ սակայն ան 1992 թուականէն ի վեր չէ կիրառուած, Պետութիւններու քաղաքական կամքի բացակայութեան պատճառով։
Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բնիկ Հայերու բնաջնջումը՝ հիմք ծառայած է ստեղծելու գենոսիդ (ցեղասպանութիւն) եզրոյթը, եւ զայն ծածկագրելու միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս։ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու սերունդները կը պահանջեն իրենց նախնիներու տարածքին վերադառնալու իրաւունքը, եւ Թիւրքիոյ կողմէ իրենց ազգային արժէքներու եւ մարդկային տեսակի պաշարներու ապօրինի սեփականացման դատապարտումը։
Այս պահին Թիւրքիան միաբանութեամբ ՆԱՏՕ-ի զօրքերուն եւ Ջիհադիստներու հետ գաղտնի միաբանութեամբ, նաեւ Արեւմուտքի բարեհաճութեամբ՝ կը կարեւորէ իր ռազմական յարձակումը Սուրիոյ հիւսիսի Աֆրին քաղաքի մէջ գտնուող բնիկ ժողովուրդներուն եւ փոքրամասնութիւն կազմող քիւրդերուն վրայ։
Թիւպաժ Ամարուն, Համաշխարհային Խաղաղութեան Կոնֆերանսը եւ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչները ստորագրած են Յայտարարութիւն մը, որ կը պահանջէ Անվտանգութեան Խորհուրդի հրատապ հանդիպումը՝ որպէսզի դատապարտեն Թիւրքիոյ ռազմական ներխուժումը ինքնանկախ պետութեան մը սահմանէն ներս, նաեւ պաշտպանելու համար այնտեղի բնիկ բնակիչներն ու քաղաքացիական անձերը։
Լիդիա Մարկոսեան
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդ,
Ժընեւ, 15 Մարտ 2018 թ․