Փաթիլիա Աբրահամեանը Կիրակի 11 Մարտին հրաւիրուած էր CBAF (Ֆրանսայի Հայերու Կապոյտ Խաչը) կազմակերպութեան Իսի լէ Մուլինոյի մասնաճիւղին կողմէ, որպէսզի ներկայացնէր Արիայի չորս ֆանտաստիք պատմուածքները։
Նախ եւ առաջ, ան ժամանակ տրամադրեց պատմելու համար Արիայի եւ Վիշապի անտառին մասին։ Այնուհետեւ, ան ամփոփեց հետեւեալ երեք արկածային պատմուածքները – “Արիան եւ վիշապի ձուերը”, “Արիան եւ կապոյտ բզեզը”, նաեւ՝ “Բարի Գալուստ Փիփթարքի”։
Առաւել հետաքրքիր էր, երբ իրեն որոշ հարցեր ուղղեցին իր մասնագիտական յաջողութիւններուն շուրջ, իր ոգեշնչումներուն, իր գրուածքներուն եւ իր ապագայի հեղինակային ծրագիրներուն մասին։
Ան ուրախացած էր, որ այս փոքրիկ արկածային պատմուածքները կը գտնեն նոր ընթերցողներ՝ հայկական դիւցաբանութեան սիրահարներէն։
Հաճելի էր իրեն այս միջօրէն անցընել մասնակիցներուն հետ, եւ ան ուզեց իր շնորհակալութիւնը յայտնել CBAF-ի Իսի լէ Մուլինոյի մասնաճիւղին եւ Իսի լէ Մուլինոյի MCA-ին (Հայ Մշակույթի Տուն)։