Սուրիական Աֆրին քաղաքին վրայ Թիւրքիոյ նախայարձակման 52-րդ օրը   Քիւրդերը իջնելով Ֆրանսայի մայրաքաղաքի փողոցները՝ կը սպասեն որ ՄԱկ-ը, Եւրոմիութիւնն ու Ֆրանսան – ուր կ՛ապրին այս ցուցարարները – քայլեր ձեռնարկեն եւ խստօրէն դատապարտեն Անկարայի գործողութիւնները, որպէսզի “վերջ դրուի սոյն կոտորածներուն”

Այս Կիրակի հաւաքուելով Փարիզի Հանրապետութեան Հրապարակին մէջ՝ բողոքագիր մը ստորագրած են Սուրիոյ քրդական Աֆրին աւանի դէմ թրքական նախայարձակման վերաբերեալ, եւ Քրդերն ու անոնց աջակիցները որոշում կայացուցած են շարունակելու իրենց ցոյցերը՝ մինչեւ որ Եւրոպական Միութիւնն ու Ֆրանսան յստակ քայլեր ձեռնարկեն կանագնեցնելու համար Անկարային, որուն գործողութիւնները արդէն 300 խաղաղ բնակիչներու կեանքը խլած են, Սպուտնիկին յայտարարած է Ագիտ Փոլատը՝ Ֆրանսայի Քուրդ Դեմոկրատներու Խորհուրդի խօսնակը։

“Պէտք է ըսել նաեւ, որ Եւրոպայի եւ ՄԱԿ-ի լռութիւնը մեղսակցութիւն կը դառնայ։ Ամբողջ այս շաբթուան ընթացքին՝ մենք Փարիզի մէջ շարունակ բողոքի ցոյցերով հանդէս պիտի գանք, նոյնիսկ ամբողջ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի մէջ։ Պիտի չդադրինք, պիտի չդադրեցնենք մեր ցոյցերը՝ մինչեւ որ յստակ քայլեր ձեռնարկուին Ֆրանսայի, նաեւ Եւրոմիութեան կողմէ” յայտարարած է ան այս հաւաքին ժամանակ ներկայ թղթակիցներուն, որոնց շարքին «Սպուտնիկ»-ի Փարիզի գրասենեակի թղթակիցին։

Ըստ անոր՝ Անկարան կանանչ լոյս ստացած է Եւրոպական երկիրներէն եւ ԱՄՆ-էն, որ ան Աֆրինի շրջան ներխուժելու գործողությունն սկսի, նոյնիսկ եթէ մենք չենք լսեր ատոնց մասին՝ բայց իրենց համաձայնութիւնը տուած են։

Ան յատկապէս նշած է Փարիզ այցը Նախագահ Թայիպ Էրդողանի՝  որ Յունուարի 5-ին ընդունուեր էր իր ֆրանսացի գործընկերոջ կողմէ։ Պարոն Փոլատը ընդգծած է, որ այս հանդիպումը ընկալուած է որպէս “Կանանչ լոյս, որ տրուած է Թիւրքիային, կապուած անոր յարձակումներուն, որոնք պիտի կատարուին գալիք օրերուն ընթացքին, յատկապէս այսօր”։

Ան եզրակացուցած է․ “Այն որ կը պահանջուի այսօր,մենք որպէս քիւրդ ժողովուրդ, եւ այսօր մեզի հետ ներկայ քիւրդ ժողովուրդի բարեկամները․․․ կ՛ուզենք որ Եւրոպական երկիրները առնեն անհրաժեշտ քայլեր, որովհետեւ կոտորած մը տեղի ունեցած է, եւ 52 օրուան ընթացքին 300-է աւելի քաղաքացիական անձեր սպաննուած են, 700 անձեր ալ վիրաւորուած են․․․ Ինչ որ կը պահանջուի այն է, որ այս երկիրները որոշում կայացնեն, առաջին հերթին ՄԱԿ-ը, եւ վերջ տան կոտարածներուն”, շեշտած է ան։

Ընդգծենք, որ Ֆրանսայի Քիւրդ Դեմոկրատներու Խորհուրդը նոյնպէս անհամբեր կը սպասէ դատապարտման ու Ֆրանսայի կողմէ առնուելիք քայլերուն, ըստ Պարոն Փոլատի՝ “Դատապարտելու համար այս կոտորածները, սպաննութիւնները, ներխուժման փորձերը”, պահանջելու համար, որ “Թիւրքիան ետ քաշուի Սուրիական տուեալ տարածքներէն”։

Թրքական բանակը Յունուար 20-էն ի վեր Սուիրոյ հիւսիսին Աֆրինի Քիւրդերուն դէմ կը մղէ “Ձիթեննի Ճիւղ” գործողութիւնը։ Այս տարածաշրջանը կը վերահսկուի Քիւրդ Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Միութեան կողմէ, զոր Թիւրքիան կը համարէ որպէս Քիւրդիստանի Բանուորական Կուսակցութեան զինուորական մասնաճիւղ, որ արգիլուած է իր երկրին մէջ։