ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Եւրոպայի Ալեւիական Միութիւններու Համադաշնութեան պատուիրակութիւնը Երեւան այցելելով՝ Հայաստանի Հանրապէտութիւնի Խորհրդարանին մէջ հանդիպեցաւ Խորհրդարանի փոխնախագահին եւ պատգամաւորներուն հետ։

Խորհրդարանի հետ հանդիպումէն ետք՝ Ալեւիական պատուիրակութիւնը այցելեց Հայոց դէմ կատարուած ցեղասպանութեան Երեւանի յուշարձանին, եւ այնտեղ ծաղկեպսակ դրաւ։

Եւրոպայի Ալեւիական Միութիւններու Համադաշնութեան պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ Ալեւիները (Արեւիները) մշտապէս կը շարունակեն ճնշուածներու կողքին ըլլալ՝ ինչպէս Ալեւիներու (Արեւիներու), Հայերու, Քիւրդերու, Յոյներու, Սուրիանիներու, որոնք ձուլման եւ կոտորածներու ենթարկուած են։

 

Այս մասին տեղեկացնում է  Pirha լրատվական գործակալությունը։