Զինեալ ապստամբներու խումբերը վերադիրքաւորուած են Ղութայի մէջ, ինչպէս օրինակ Ջեյշ ալ Իսլամը, որ կ՛արգիլէ հնարաւորութիւն տալ քաղաքացիներուն՝  առճակատման տարածքը լքել։ Տարածաշրջանային քաղաքագէտ Ալեքսանդր Դել Վալը կը յիշեցնէ, որ սա մարդկային վահանի մարտավարութիւն է։

“Այսօր Ղութայի մէջ մէկ հարց կայ։ Այնտեղ կան ջիհադիստներ՝ որոնք հաւաքուած են մէկ խումբի մէջ, կապուած Ալ-Քաիդային, նախկին Ալ-Նուսրա Ճակատին՝ ներկայիս Ֆաթհ ալ-Շամին, որ անուանափոխուած է՝ որպէսզի յարգելի դառնայ նոր շունչով, նաեւ այլ խմբաւորումներ՝ աջակցութեամբ Սէուդական Արաբիոյ, որոնք մերժած են տարածքէն հեռանալու պայմանները։ Մոռցած ենք ըսելու այս իրողութիւնը”։

Դասախօս, գրող եւ հեղինակ “Արեւմուտքի իրական թշնամիները” երկի Ալեքսանդր Դել Վալի համար՝ “Ռուսաստանի կողմէ բաց հասարակութիւններու իսլամացման մերժմամբ պատճառաբանուած (Հրետաձիգը, 2016), Արեւելեան Ղութայի մէջ իրավիճակը բացարձակօրէն այն չէ, ինչը նկարագրուած է որոշակի մամուլի մէջ, կամ արեւմտեան առաջնորդներուն կողմէ:

“[Անոնք] քաղաքացիական բնակչութիւնը պատանդ վերցուցած են, քիչ մը նմանուելով Համասի ըրածին, երբ Իսրայէլը ցանկացած է ռմբակոծել”,  այսպէս կը շարունակէ ան վերլուծել Ղութայի ապստամբներու ռազմավարութիւնը, եւ կ՛ըսէ․ “Անոնք կը մեղադրեն Դամասկոսը՝ կոտորածներ սարքելու մեջ, սակայն իրենք իրենց հերթին կը թաքնուին բնակչութեան ետին, ըսելով թէ չեն կրնար հեռանալ՝ որովհետեւ կոտորած կը կանխատեսեն”։ Եւ եզրակացնելու համար կ՛աւելցնէ․ “Այսպիսով իրական յանցագործները՝ որոնք քաղաքացիական անձերու մահուան պատճառ կը հանդիսանան, նոյն Ջիհադիստներն են, որոնք մերժած են տարածքէն հեռանալու պայմանները, եւ որոնք իրենց կանանց եւ երեխաներուն մարդկային վահան դարձուցած են”։

Ասոնք խիստ արմատական իսլամիստներ են:

Ալեքսանդր Դել Վալը կը փորձէ ճիշդ անուանել այն ինչ բառացիօրէն կ՛ընդգրկէ «ապստամբ» եզրը։ “Պետք է ըսել, որ բոլոր այսպէս կոչուած ապստամբական շարժումները (գրեթե գեղեցիկ կը հնչէ «ապստամբ»-ը) ջիհադիստներ են՝ ենթակայ են սալաֆիստներուն կամ Մուսուլման Եղբայրներուն, որոնք ալ ծայրահեղ արմատական իսլամիստականներ են”։  

-Աղբիւրը – https://francais.rt.com