ՄԱԿ – Սուրիական հակամարտութիւնը կ՛առաջացնէ լարուածութիւն մը, քանի որ Միջազգային Ժնեւը տակաւին չէ ճանչցած սառն պատերազմը։
Նիւ Եորքի մէջ Շաբաթ գիշեր դժուարութեամբ կայացած հրադադարի միամսեայ համաձայնագիրը ոչ մէկ բան կը փոխէ․ (Շաբաթ 24 Փետրուար 2018 թ,-ի լուսանկարը) – Լուսանկարը՝ Քէյստոն-էն։
ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդը իր աշխատանքները կը սկսի Երկուշաբթի օր Ժնեւի մէջ, բաւական լարուած իրավիճակով։ Սուրիոյ մէջ բռնութեան վերահաստատումը եւ անոր քաղաքացիական զոհերու շարանը լոյս կը սփռեն եւս մէկ անգամ՝ որ միջազգային հանրութիւնը անզօր է։ Անյաջողութիւն մը, որ կը ստիպէ կասկածիլ օգտակարութեան վրայ այս կազմակերպութեան, որ կոչուած է հանդիպելու երեք շաբաթուայ ընթացքին:
Միամսեայ հրադադարի շտապօրէն վճռուած համաձայնագիրը Շաբաթ գիշեր Նիւ-Եորքի մէջ՝ ոչ մէկ բան կը փոխէ։ 2011 թուականէն ի վեր, Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդը բազմաթիւ անգամներ անդրադարձացած է Սուրիական հարցին՝ յորդորելով բոլոր կողմերուն յարգել Ժնեւի Պայմանադրութիւնները։
Ստեղծուած յետաքննութեան յանձնաժողովի գրեթէ եօթ տարի առաջուայ պատրաստած զեկոյցները կը դատապարտեն քիմիական զէնքի օգտագործումն ու ռազմական ոճիրները՝ բոլոր կողմերուն կողմէ կատարուած։ Ի վերջոյ, այն վրդովմունք յառաջացուցած է Խորհուրդի անդամներուն մէջ, նոյնիսկ Զուիցերիացի Կարլա Դել Պոնտեն՝ անցեալ տարուայ ամառը ստիպուեր է ձեռքի սրբիչը նետելու:
Դոնալդ Թրամփը ըսած է, թէ ամենավատը որ ան մտածած է այս խորհուրդին մասին, զայն անարդիւնաւետ համարած է։ Ան նոյնիսկ սպառնացեր է զայն հեռացնել եւ կտրել իր եկամուտներէն: Անտոնիո Գուտերեսը՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը, համոզեր է ԱՄՆ-ին, թէ այդ ամենալաւ բանը չէ, որ պէտք է ընել: Սա չի նշանակեր, որ վտանգը անցած է։ “Այն ինչը կ՛անհանգստացնէ մեզ, տեսնելն է այն երկրներուն՝ որոնք ամենադաժան բռնութիւնները կը կատարեն աշխարհիս երեսին, եւ կրան մաս կազմել այս խորհրդին”, յիշեցուցած է ԱՄՆ-ի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի խօսնակներէն Բրեան Տ․ Նէօբերտը, անցեալ շաբաթուայ սկզբին իր Ժնեւ կատարած այցին ընթացքին: Քննարկումները պիտի սկսին։ Սակայն վստահելի չէ, որ մեծամասնութիւն մը յառաջանայ՝ վերադառնալու համար երկիրներու միջեւ ընդհանրականութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքի հարցին։
Ռուսաստանէն սպասուող պատասխանը
Մինչ կը սպասենք այս անհաւանական ու անհնարին բարեփոխումներուն՝ ՄԱԿ-ի բանախօսը քանի մը օր ետք այնտեղ պիտի ըսէ իր չորս ճշմարտութիւնները։ Այս առումով Իգնազիո Կասսիսի ձայնը, որ առաջին անգամ պիտի հնչէ ՄԱԿ-ի ամբիոնէն որպես FDFA-ի ղեկավար, հաւանաբար կրնայ խլանալ աղմուկով թնդանօթներու՝ որոնք արիւնախեղդ կ՛ընեն Արեւելեան Ղութայի շրջանը։ Պատմութեան դաժան հեգնանքներով՝ այս նիստը պիտի նշէ Մարդու Իրաւունքներու Համընդհանուր Հռչակագիրի 70-ամեակի ոգեկոչման սկզբնաւորումը։
ՄԱԿ-ի միջանցքներուն մէջ կ՛աճի անհանգստութիւնը: “Սառն պատերազմէն յետոյ մենք մթնոլորտին մէջ նման մակարդակի ելեկտրականացում դեռ չէինք տեսած”, կը յայտնէ Արեւմտեան դիւանագէտ մը։ Սուրիոյ հետ նմանատիպ մակարդակ մը անցուցինք։ Այս անգամ Ամերիկացիներն ու Եւրոպացիները յստակօրէն կը ցուցադրեն իրենց պատրաստակամությունը՝ կտրելու համար Ռուսաստանը իր մղումէն։ Բազմաթիւ երկիրներ, ինչպէս Ֆրանսան, մտադիր են գործընկերութեան բանավէճը փախադրելու քիմիական զէնքի օգտագործման անպատժելիութեան դէմ, ինչը միջոց մըն է յիշեցնելու ռուսերուն, որոնք խոստացեր են ճնշում գործադրելու իրենց Սուրիացի դաշնակիցներուն վրայ, արգիլելու համար այդ զէնքերու օգտագործումը։
Կրեմլինը մտադրութիւն չունի մտայոգուելու, ինչպէս կը պարզուի Սերգեյ Լաւրովի Չորեքշաբթի օր կատարած յայտարարութենէն։ Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը անշուշտ չ՛ըսեր այն ինչ կ՛ուզեն լսել Արեւմտեան երկիրները։
Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 37-րդ նստաշրջանի բացման նախօրէին՝ լարուածութիւն ստեղծող նիւթերը կը բացակային։
Ինչպէս կը յղէ 24 ժամ լրատուական գործակալութիւնը (presse 24heures.ch.):