ԿԻԼԻԿԻԱ – Հակառակ Շաբաթ գիշերուայ ՄԱԿ-ի մէջ քուէարկուած որոշման՝ թրքական բանակն ու անոր դաշնակիցները ընդգծեցին իրենց յարձակումը Հալէպի հիւսիսային հովիտի Աֆրին քաղաքին դէմ, անգամ մը եւս ահաբեկելով Սուրիոյ բնակչութիւնը, կը հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատուական գործակալութիւնը՝ յղելով տեղական աղբիւրէ մը։

Ժանդերիս, Ռաժօ եւ այլ գիւղերու տարածքները թիրախ դարձան թրքական հրետանային զօրքերուն կողմէ։ Բնակավայրերը ենթարկուեցին լուրջ աւերումներու։

Թրքական կառավարութեան մամուլի խօսնակը զգուշացուց, որ ՄԱԿ-ի կողմէ քուէարկուած բանաձեւը ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Սուրիոյ հիւսին թրքական բանակին կողմէ կատարուող ռազմական գործողութիւններուն վրայ։

Իսկապէս որ Շաբաթ 24 Փետրուարին ՄԱԿ-ի միաձայն որդեգրած որոշումը երեք օրեայ անզիջում բանակցութիւններու աւարտին՝ շատ մը փոփոխություններէ ետք “կը յայտարարէ որ բոլոր կողմերը Սուրիոյ մէջ առանց յապաղումի շարունակաբար երեսուն օր դադրենցնեն կրակը, որպէսզի ստեղծեն տեւական մարդասիրական դադար”։

Բեքիր Բօզդաղը, Թիւրքիոյ Արդարադատութեան փոխ նախարարը, այս Կիրակի արձագանգած է ՄԱԿ-ի սոյն բանաձեւին, ըսելով թէ այն ոչ մէկ ձեւով պիտի չազդէ թրքական “Ձիթենիի ճիւղ” ռազմական գործողութեան վրայ, ըստ թրքական TRT ցանցին:  

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը վերջապէս երեք օրեայ քննարկումներէ ետք կազմակերպած է քուէարկութիւն, եւ համաձայնած է հրադադար յայտարարելու Դամասկոսի շրջանի արեւելեան Ղութայի տարածքին։

Համաձայնութիւնը կը նախատեսէ հակամարտութեան 30 օրեայ դադար Սուրիոյ մէջ, եւ տուժած տարածքներուն հասցնել մարդասիրական օգնութիւն։   

Պարոն Բոզդաղը յայտարարած է նոյնպէս, որ Թիւրքիոյ Արտաքին Գործերու, Ներքին Գործերու եւ Արդարադատութեան Նախարարութիւնները կը փորձեն հայրենադարձնել  “Դեմոկրատական Դաշնութիւն” կուսակցութեան նախագահ Սալէհ Մուսլիմը, որ կալանաւորուած է այսօր Չեխիոյ Հանրանպետութեան մէջ, ինչպէս կը ներկայացնէ  presstv լրատուական գործակալութիւնը։