Կիրակի 11 Փետրուար 2018 թուականին Կաննի մէջ տեղի ունեցաւ Լեռինս Երկիրներու Ծովային եւ Նախկին Ծովային Միութեան Մարտիկներու Ընդհանուր Համագումարը, նախագահութեամբ Պարոն Ժան-Իվ Ռօժերի, “Միաբան՝ ինչպէս նաւի տախտակամածին վրայ՛՛ խօսքը կրող դրօշակի ներքոյ։
Կաննի քաղաքային դահլիճներերը՝ լը Կաննետը, Մուգինսը, Մանդելեօ Նապուլը, Գրասսը ներկայացուած էին՝ ի թիւս այլոց։
Հրաւիրեալներու շարքին էին Նախագահ Ժան Ղազարոսեանն ու Ֆրանսայի Նախկին Ռազմիկներու եւ Դիմադրութեան Մարտիկներու Միութեան Հայկական Ծագուով անդամները, իրենց դրօշակներու ընկերակցութեամբ եւ Արեւմտեան Հայաստանի դրօշակով, որ պատուի արժանացած էր Արեւմտեան Հայաստանի Պատգամաւոր Պարոն Վրէժ Աբրահամեանի կողմէ։