ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – 153 տարի առաջ Փետրուար 25-ին Արեւմտեան Հայաստանի Շապին Գարահիսար քաղաքին մէջ ծնած է հայ զօրահրամանատար, պետական գործիչ, ֆեդայապետ (հայդուկապետ) Անդրանիկ Թորոսի Օզանեանը կամ Զօրավար Անդրանիկը, Անդրանիկ Փաշան

Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանն ու Արեւմտեան Հայաստանի պատվիրակութիւնը նշեցին իր յիշատակը
The Washington Post (1919թ.) ամերիկեան թերթը հայերու ամենասիրելի հերոսի՝ Անդրանիկի մասին.
«Զօրավար Անդրանիկը կանգնած է հայկական հերոսականութեան գագաթին։ Հայերն ամենուր զինք ցնծութեամբ կը դիմաւորեն։ Անոնք մեծ ուշադրութեամբ ու հիացումով կ՛ունկնդրեն անոր իււրաքանչիւր խօսքը։ Իսկ ան՝ այդ զինուորը, որ ցարական Ռուսաստանի կործանումէն ետք անհաւասար մարտեր կը մղէր թրքական բանակին դէմ, ունի ըսելիք։ Այժմ անոր խօսքերը նոյնքան հատու են՝ որքան անոր սուրը»։
ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ 25-Ը ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՐՈՍ ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԻ ԾՆՆԴՅԱՆ ՕՐՆ Է
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆՔ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ՀԵՐՈՍԻ ԾՆՆԴՅԱՆ 153 ԱՄԵԱԿԻՆ
Անդրանիկ Օզանեան
(Անդրանիկ Թորոսի Օզանեան, Փետրուար 25, 1865, Շապին Գարահիսար, Արեւմտեան Հայաստան – Օգոստոս 31, 1927, Չիքակո, ԱՄՆ)
Հայդուկապետ, զօրահրամանատար, Հայ ազատագրական շարժման առասպելական խորհրդանիշ։
Անդրանիկ Թորոսի Օզանեանը ծնած է 1865 թուականի Փետրուար 25-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Շապին Գարահիսար քաղաքին մէջ։ Անդրանիկի հայրական նախնիները եկած են հարեւան Օզան գիւղէն վաղ 18-րդ դարուն, եւ հաստատուած են Շապին Գարահիսար։
Անդրանիկի մայրը մահացած է, երբ ան մէկ տարեկան եղած է, եւ զինք խնամած է իր աւագ քոյրը՝ Նազելին։ Անդրանիկը յաճախած է ծննդավայրի Մուշեղեան դպրոցը 1875-1882 թթ., այնուհետեւ աշխատած է հօր ատաղձագործութեան արհեստանոցին մէջ։ Ան ամուսնացեր է 17 տարեկանին, սակայն անոր կինը մահացեր է մէկ տարի անց՝ ծնունդ տալով իրենց որդիին, ով նոյնպէս մահացեր է ծնուելէն 1 օր յետոյ։
Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայերու համար իրավիճակը վատթարացած է Աբդուլ Համիդի (Կարմիր Սուլթան) օրոք։ 1882 թ.-ին Անդրանիկը կը բանտարկուի հայ բնակչութեանն ահաբեկող թիւրք ժանդարմին ծեծի ենթարկելուն համար։ 1884 թ.-ին իր ընկերներուն օգնութեամբ կը փախչի բանտէն, եւ բնակութիւն կը հաստատէ Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսի մէջ։ Կ. Պոլսուի մէջ կը մնայ մինչեւ 1886 թ., ուր կ՛աշխատի որպէս ատաղձագործ։ Ան իր յեղափոխական գործունէութիւնը կը սկսի 1888 թուականէն՝ Սուազ գաւառին մէջ։ 1891-ին կը միանայ Հնչակեան կուսակցութեան։ 1892 թուականին կը ձերբակալուի Պոլսի ոստիկանապետ Յուսուպ Մեհմեդ Բեյի սպանութեան մասնակցելուն համար, որ յայտնի էր իր հակահայկականութեամբ։ Անդրանիկը եւս մէկ անգամ կը փախչի բանտէն։ 1892 թուականին կը միանայ նորաստեղծ ՀՅԴ-ին, այնուհետեւ կը հեռանայ անկէ՝ ՀՅԴ-երիտթիւրք համագործակցութեան պատճառով։
Համիդեան ջարդերու ընթացքին, Անդրանիկն այլ ֆեդայիներու հետ միասնաբար կը պաշտպանէ Մուշի եւ Սասունի հայկական գիւղերը թիւրք եւ քիւրդ զինուորներու յարձակումներէն։ 1894 եւ 1896 թթ.-ին տեղի ունացած հայկական ջարդերուն զոհ կ՛երթայ համապատասխանաբար 80000 եւ 300,000 մարդ։
Անդրանիկը կը գլխաւորէ ֆեդայի Սերոբ Վարդանեանն (Աղբիւր Սերոբ) սպանող Բշարէ Խալիլի սպանութիւնը, 1901 թուականին կը գլխաւորէ Առաքելոց վանքի կռիւները։ 1902-1904 թուականներուն Անդրանիկի ջոկատները թիւրքերու եւ քիւրդ մահմեդականներու դէմ մարտեր կը մղեն Սասունի, Տարօնի եւ Վասպուրականի մէջ։
1905 թուականին Անդրանիկ կ՛անցնի Կովկաս, ուր հայկական ազգային շարժման երեւելի գործիչներուն հետ կը քննարկեն Օսմանեան լուծին դէմ յետագայ պայքարի հարցերը։ Ատկէ յետոյ Անդրանիկը կը մեկնի Ֆրանսա, Զուիցերիա, Բելջիգա, Անգլիա, Բուլկարիա եւ Իրան՝ հանրութեան տեղեկացնելով Արեւմտա-Հայաստանի հայերու ազգային-ազատագրական պայքարի եւ անոր հետ կապուած զէնքի ձեռք բերման անհրաժեշտութեան մասին։ Բուլկարիայի մէջ Անդրանիկ կը գրէ իր «Մարտական հրահանգները»՝ ընդհանրացնելով պարտիզանական պայքարի փորձը։ Յետագային այդ փորձը լաւ կը ծառայէ Բուլկարցիներուն՝ Առաջին Բալկանեան պատերազմին ժամանակ։
1912 թուականին Անդրանիկ հայ կամաւորներէն կը կազմակերպէ վաշտ մը, որ կը մտնէ Բուլկարական բանակի աշխարհազօրի կազմին մէջ։ Հայ ռազմիկները հերոսութիւն կը ցուցաբերեն Միսթանլի, Ուզուն, Մերեֆտէ, Շար-Կիո եւ այլ քաղաքներուն համար մղուած մարտերուն ընթացքին։ Անդրանիկ կը մասնակցի գեներալ Յավէր փաշայի թրքական կորպուսի ջախջախման։ Բուլկարական հրամանատարութիւնը բարձր կը գնահատէ հայկական վաշտի մասնակցութիւնը Առաջին Բալկանեան պատերազմին։
Առաջին Աշխարհամարտը սկսուելուն պէս՝ Անդրանիկ կը շտապէ Կովկաս։ 1914 թուականին Անդրանիկ կը ձեւաւորէ եւ կը գլխաւորէ առաջին հայկական կամաւորական գունդը։ Անդրանիկ անհաւասար մարտեր կը մղէ թրքական զօրքերուն դէմ ու մեծ հեղինակութիւն կը նուաճէ:
Ռուսական բանակի գեներալ-լեյտենանտ Չերնոզուբովը, Անդրանիկի մասին մասնաւորապէս գրած է.
«Ես միշտ յանձինս Անդրանիկի՝ կը տեսնէի ջերմ հայրենասէրին, Հայաստանի ազատութեան մարտիկին, որ խորապէս կը սիրէ իր Հայրենիքը։ Ես առանձնակի հաճոյքով միշտ կը կարդայի ռուսերէն թարգմանութեամբ քաղուածքները հայկական թերթերու յօդուածներէն, ուր Անդրանիկին յարգանք կը մատուցուէր՝ իբրեւ ազգային հերոսի, որ իր գլուխը միշտ քաջաբար կը պահէր Հայաստանի դարաւոր թշնամիին դէմ պայքարին, ազգային իդեալները իրագործելու համար…»:
1918 թուականի Յունուար 30-ին թրքական զօրքերը՝ Մեհմեդ Վեհիբ փաշայի հրամանատարութեամբ, Էրզրումի, Վանի եւ Մերձծովեան ուղղութիւններով կ՛անցնին մեծածաւալ գործողութիւններու. Յունուար 30-ին՝ անոնք կը գրաւեն Երզնկան, Փետրուար 11-ին՝ Տրապիզոնը, ապրիլ 14-ին առանց կռուի կը մտնեն Բաթում եւ կը սկսին շարժիլ դէպի Սուխում։ Ապրիլ 25-ին կ՛իյնայ Կարսը, Մայիս 15-ին՝ Ալեքսանդրապոլը։
Անդրանիկի գունդը կը զրկուի վերադասաւորուելու հնարաւորութենէն, որովհետեւ վարելով ծանր պաշտպանական մարտեր Էրզրումի ուղղութեամբ՝ կը ծածկէ 1915 թուականին փրկուած հարիւր հազարաւոր հայ, յոյն ու ասորի գաղթականներու նահանջը, որոնց վրայ ռուսերու նահանջէն յետոյ՝ նորէն սարսափելի վտանգ կը կախուի։ Թուրքիայի կողմէ Կովկասի մեծ մասի բռնագրաւման ու Արեւելեան Հայաստանի մէջ ցեղասպանութեան կրկնութեան վտանգը՝ կը թուայ գրեթէ անխուսափելի։
Սակայն 1918 թուականի Մայիս 16-18-ին Վորոնցովկա աւանի մօտակայքին գեներալ-մայորի կոչման արժանացած Անդրանիկի դիվիզիան՝ անպատմելի ջանքերով կը զսպէ Օսմանեան զօրքերն ու անոնց արբանեակները։ Հակառակ որ թշնամիի որոշ խումբեր կը յաջողին մինչեւ 20-25 կմ մօտենալ Թիֆլիսին՝ անոնց հիմնական զանգուածը կը կանգնեցուի եւ ետ կը շպրտուի։ Նախաձեռնութիւնը թշնամիէն վերցնելով՝ զօրավարը մարտեր կը մղէ Ղարաքիլիսայի ուղղութեամբ։
1918 թուականի Մայիս 25-28-ին ծաւալուած Լոռիի ճակատամարտին, որ մեծապէս ճակատագրական կը դառնայ ոչ միայն Հայաստանի համար, այլեւ ամբողջ Կովկասի՝ Անդրանիկը կը վիժեցնէ Դիլիջանի ուղղութեամբ թրքական զօրքերու գլխաւոր յարձակումը, որով կը ջանային Դիլիջանով դուրս գալ դէպի Բաքու։ Կրած պարտութեան հետևանքով՝ թրքական հրամանատարութիւնը ստիպուած կ՛ըլլայ հրաման տալ Լեռնային Լոռի մարզի մեծ մասը թողուլ։
1918 թուականի Յունիսի սկզբին՝ հայկական դիվիզիան կը մտնէ Նոր-Բայազետ, այնուհետեւ Սելիմի լեռնանցքէն Դարալագեազ-Շարուրով դէպի Նախճաւան։ Շուտով կը զբաղցնէ Ջուլֆան ու Բիթլիսը։ Զօրավար Անդրանիկը նաեւ հեռագիր կ՛ուղարկէ Կովկասի հարցերով արտակարգ կոմիսար և Բաքուի Սովնարկոմի նախագահ Շահումեանին, ուր պատրաստակամութիւն կը յայտնէ օգնութիւն ցուցաբերելու Բաքուի վրայ յարձակող թրքական զօրքերէյ պաշտպանուող Բաքուի կոմսունային։
Դեռ 1918 թուականի Ամռան՝ թրքական զօրքերը կը բռնագրաւեն պարսկական տարածքի հիւսիսային մասը, յենադաշտ ստեղծելով իրենց համար դէպի Բաքու առաջխաղացումը ծաւալելու։ Գրաւելով, մասնաւորապէս Մակու, Սալմաստ, Թավրիզ, Սերաբ, Արդաբիլ եւ Խոյ Իրանական քաղաքները՝ թիւրքերը կը մտադրուին Ալեքսանդրապոլ-Ջուլֆա երկաթգիծի միջոցով նոր զօրքեր անցընելու Պարսկաստան, Բաքուի վրայ յարձակելու համար։ Բայց Նախճաւանի մէջ Անդրանիկի ջոկատները կը կտրեն երկաթուղային ճանապարհը, իսկ Ջուլֆայի մէջ կը գրաւեն թրքական կայազօրը։ Խոյի շրջանին հայկական կազմաւորումները անսպասելի հարուած կը հասցնեն Իրանի հիւսիս-արեւմուտքին տեղաբաշխուած թրքական բանակին, ինչը կը ստիպէ թիւրքերուն՝ կանգնեցնել յարձակումը Բաքուի վրայ, եւ Անդրանիկին դէմ ուղարկելու նշանակալի ուժեր։ Խոյի մէջ մարտերը կը տեւեն քանի մը օր։ Թիւրքերը կը կրեն մեծ կորուստներ, սակայն անընդհատ ժամանող անոնց լրացուցիչ ուժերը հայկական դիվիզիայի համար գրաւման վտանգ կ՛առաջացնեն։ Այդ պայմաններու մէջ Անդրանիկ ստիպուած կ՛ըլլայ թողուլ Խոյը, եւ շրջափակման օղակը ճեղքելով՝ նահանջել Ջուլֆա-Բաքուի գիծ։ Այնուհետեւ թիւով գերակշիռ թրքական զօրքերուն ճնշմամբ՝ զօրավար Անդրանիկ ստիպուած կ՛ըլլայ թողուլ Նախճաւանը ու անցնիլ Լեռնային Զանգեզուր, նպատակ ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի միջոցով ճեղքել-հասնիլ Բաքու, եւ փակել նահանջող թրքական բանակի ճանապարհը։
Անդրանիկ վիթխարի դեր կը խաղայ Զանգեզուրի պաշտպանութեան մէջ։ Մարտերու ընթացքին թրքական զօրքերու մինչեւ 40 տոկոսը կ՛ուղղուի Զանգեզուր՝ Անդրանիկին դէմ։ Երբ նորակազմ Կովկասեան հանրապետութիւններու ղեկավարները, դեռ 1918 թուականի Յունուարին կը դիմեն թրքական կառավարութեան՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, ի պատասխան կը լսեն, որ Թուրքիային իրենց կարծիքը չի հետաքրքրեր, անոր կը յուզէ միայն այն՝ թէ այդ առիթով ինչ կը մտածէ զօրավար Անդրանիկ, ինչը լիովին տրամաբանական է, քանզի միայն Անդրանիկի զօրքերը կը մնային թիւրքերու կողմէ Կովկասի գրաւման հիմնական խոչընդոտը։
Բախուելով Անտանտի դաշնակիցներու, Հայաստանի հանրապետութեան որոշ ղեկավարներու եւ բոլշեւիկներու դաւաճանութեան՝ զօրավարը ստիպուած կ՛ըլլայ հեռանալու արտասահման։ Ճանապարհին՝ երբ ան կ՛անցնի Թիֆլիսով, կ՛ըսէ.
«Ես իմ կեանքիս մէջ երբէք չեմ ձգտած անձնական երջանկութեան ու բարօրութեան։ Ես մշտապէս ձգտած եմ միայն մէկ բանի, եւ պայքարած եմ միայն մէկ բանի՝ իմ հարազատ ժողովուրդիս ազատութեան եւ բարեկեցութեան համար։ Ես չեմ փնտռեր իմ վաստակիս գնահատականը, եւ կը ցանկամ միայն այն՝ որ երջանիկ ըլլայ այն ժողովուրդը, որուն կը ծառայեմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին»:
Հայութեան ծառայելու իր գործը Անդրանիկ շարունակեց նաեւ տարագրութեան մէջ։ 1919 թուականի Դեկտեմբերին «Ուաշինգտոն Փոստ» ամերիկեան թերթը կը գրէր. «Զօրավար Անդրանիկը կանգնած է հայկական հերոսականութեան գագաթին։ Հայերն ամէնուր զինք ցնծութեամբ կը դիմավորեն։ Անոնք մեծ ուշադրութեամբ եւ հիացմունքով կ՛ունկնդրեն անոր իւրաքանչիւր խօսքը։ Իսկ ան՝ այդ զինուորը, որ ցարական Ռուսաստանի կործանումէն յետոյ անհաւասար մարտեր կը վարէր թիւրքական բանակին դէմ՝ ունի ըսելիք։ Այժմ անոր խօսքերը նոյնքան հատու են՝ որքան անոր սուրը»։