ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ուրֆայի (Եդեսիոյ) մէջ աշխարհի ամենահին կոթողային տաճար ճանչցուած եւ 18 ամիսներէ ի վեր այցելուներու առջեւ փակ եղած Գէօբեկլիթեփէն՝ վերին կլտուրով ծածկուելէ ետք կրկին բացուեցաւ անոնց առջեւ։
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Գէօբեկլիթեփէյի կտուրային ծածկը եւ վերականգնման կեդրոնը ստեղծելու համար 13 Յուլիս 2016-էն մինչեւ 31 Դեկտեմբոր 2016 թուականը զայն փակուած յայտարարած էր այցելուներու համար։ Սակայն ծածկը տեղադրելու ծրագիրը չէր իրականացուած այդ ժամկէտներուն մէջ, եւ բացման օրը նոյնիսկ քանի մը անգամ յետաձգուած էր։ 1995-ին պեղումներն սկսելէ ետք՝ Գէօբեկլիթեփէյի քաղաքակրթական ծագման մասին տեսակետներու փոփոխումով յատնի դարձաւ, որ այն կը ստիպէր ի սկզբանէ վերանայելո՛ւ մարդկութեան անցեալի պատմութիւնը։
Կենդանիներու կերպարներով քանդակուած ժայռերը եւ “T”-ակերպ սիւները 12․000 տարուան շրջանաձեւ կառոյցներ են, որոնք առաւել հին են քան գյուղատնտեսութեան առաջացման դարաշրջանն ու նոյնիսկ խեցեգործութեան սկզբնաւորումը։
ԻԻՆԵՍԿՈՅԻ Համաշխարհային ժառանգութԵան ժամանակավոր Ցանկին մէջ մտած Գէօբեկլիթեփէյի համար աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի գալիք տարուայ սկիզբին մտնէ հիմնական ցանկին մէջ։
Գէօբեկլիթեփէյի պեղուող տարածքին վրայ պատմական հնութիւններուն գտնուած մարզին՝ վերականգնողական աշխատանքներու եւ պաշտպանական ծածկոյթ կառուցելու համար 6 միլիոն 600 հազար Եւրոյին համարժէք ներդրում եղաւ։
Յիշեցնենք, որ 29 Դեկտեմբեր 1917 թուականին Խորհրդային Ռուսաստանի Ժողովրդական Ժողովի Խորհուրդին կողմէ ընդունուած “Թիւքական Հայաստանի (Արեւմտեան Հայաստանի) Իրաւունքներ”-ուն վերաբերող որոշումով ան ճանչցաւ Հայերու ինքնորոշման իրաւունքները՝ մինչեւ իսկ անկախութեան հասնելու իրաւունքով։ Առանձնապէս 19 Յունուար 1920 թուականին Փարիզի Խորհրդաժողովին Դաշնակից Երկիրներու Բարձրագոյն Խորհուրդը դե ֆակտո, եւ 11 Մայիս 1920 թուականին Սան-Ռեմոյի Խորհրդաժողովն իր հերթին դե ժուրէ՝ որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն ճանչցան Արեւմտեան Հայաստանը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Վուդրո Ուիլսոնին կողմէ 22 Նոյեմբեր 1920 թուականին Թիւրքոյ եւ Արեւտեան Հայաստանի միջեւ սահմանի գծուած ըլլալուն հակառակ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (Մակ) չէ կրցած ընդունիլ այս փաստը, Թիւրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած տարածք ըլլալուն պատճառով։
Արեւմտեան Հայաստան Պետութիւնը Թիւրքիոյ կողմէ գերեվարուած ըլլալուն պատճառով է՝ որ ՄԱԿ-ը կը դժուարանայ զայն ճանչնալ։
Առանձնապէս կը յիշեցնենք այն փաստը, որ 1894-էն 1923 թուականներու ընթացքին Արեւմտեան Հայաստանի առգրաւուած տարածքներուն վրայ տեղացի բնիկ Հայ ժողովուրդը երեք Թրքական կառավարութիւններուն կողմ ալ Ցեղասպանութեան ենթարկուած է ։