Թէեւ այս բառին մասնակիօրէն անդրադարձանք տօմարի «Տրէ» բաժնին մէջ, սակայն կարեւորելով անոր խորհուրդը՝ կ՛ուզենք մանրամասնել:

 Փոքր չափով յիշեցնենք, որ Տերնտեսը ուղղակի կապ ունի Տիր դիւցի   գործունէութեան հետ, որ եղած է ոչ միայն գիր-գրականութեան եւ աստղագուշակութեան պատասխանատուն, այլեւ եղած է մշտապէս քննող դիտորդը մոլորակներու, աստղերու եւ համաստեղութիւններու շրջապտոյտին։

  Ան եւ իր տաճարային համակարգը եղած է այդ փոփոխութիւններէն երկրի վրայ առաջացող երեւոյթներու հաշուետուն, մեկնաբանն ու կանխատեսողը, այսօրուայ եզրով՝ նաեւ օդերեւութաբանութեան մասնագէտը, ըստ որուն ալ հողագործը կողմնորոշուած է ճիշտ ու պատշաճ ժամանակին կատարելու իր վար ու ցանքը, ապա բերքահաւաքը, անասնապահները իմացեր են կենդանիները զուգաւորման տանելու օրերը, իսկ մարդիկ իմացեր են ճիշդ ընտրութիւն կատարելու արուեստը ամուսնութեան պարագային։

  «Տեր» արմատի բովանդակութիւնը բոլորովին կը տարբերի «տէր», «տիրել» բառէն: Ան կը նշանակէ «պարբերաշրջան» (ցիկլ):

  «Տեր» արմատին կը հանդիպինք գուցէ աղաւաղուած «տեռատես» բառին մէջ, որ կանանց դաշտանի սկսելուն կը վերաբերուի: Նաեւ «տերեւ»-ի մէջ՝ որ կը նշանակէ բոյսի «եւ»-ի («աչք»-ի) «պարբրաշրջան»-ը, այսինքն տերեւի գոյառումը կ՛աւետէ բոյսի կամ ծառի ծաղկելիք աչքի գործունէութեան սկիզբը:

«Տերնտես» բառը կը նշանակէ երկիր մոլորակի եւ հողի «նոր պարբերաշրջանը տեսնել», «վերակենդանանալը տեսնել»՝ ինչը «Տերնտես»-ի գլխաւոր խորհուրդն է:

  Ներկայ հասկացողութեամբ «կլինիկական մահը» եւս կարելի է կոչել «Տերնտես»:

Ազգագրագէտ Գ. Հալաջեանի հաղորդած «Դերսիմի ազգակրական նիւթեր» երկի «Կրակի պաշտամունք» յօդուածին մէջ՝ բառը աւանդուած է «Տերնտաս», ինչը կը բացայայտէ այդ ծէսի խնդրականը՝ ուր Աստուծմէ կ՛ակնկալուի որ Ան տայ (տաս) «տեր»-ը, երկրի վրայ կեանքի նոր պարբերաշրջանը:

  Այնտեղ կը կարդանք.

«Ժողովրդական խարոյկի – Տերնտասի – բուրումնավետ փայտի հայթայթումը նոյն տարվա մէջ ամուսնացած եւ կամ ամուսնութեան տարին դեռ չլրացած փեսաների – թագաւորների – պարտականութիւնն է: Նոյն տարին ամուսնացող ամեն մի փեսա, իր կնքահօր եւ հարսանիքի ազապ բաշիի հետ գնում են անտառ եւ շալակներով դեպի կալերն են փոխադրում նախապէս այդ նպատակի համար պատրաստուած բուրումնավետ փայտերի խուրձերը: Նոր ամուսնացածների համար մեծ նշանակութիւն ունի առաջին Տերնտասը, որի հետ են կապուած տան Օջախի հարատեւութեան, գահաժառանգի ծնունդի նախագուշակումները, եւ նրա ապագայի հետ կապուած երազների իրականացումը: Տերնտասի բոցավառ խարոյկի շուրջը պտոյտ գալու առաջին իրաւունքը վերապահուած է նոյն տարին ամուսնացած նորափեսաներին, հարսներին, նրանց ազապ-բաշիներին, չամուսնացած քաւորներին եւ չափահաս երկսեռ երիտասարդութեան»:

 Ուստի վաղնջական «Տերնտես» բառի ուղղագրութեան այլափոխումը «Տէրնտես»-ի՝ զուտ քրիստոնէական մօտեցում է, իբր «Տէր Աստծուն կամ Քրիստոսին տեսնելով» մաքրուելու-սրբանալու գաղափարակիր ծէս, իսկ «Տերնտես»-ը «Տրնդէզ»-ի վերածող մեր բարեկամները առաւել եւս թիւրիմացութեան մէջ կը գտնուին, որովհետեւ հայերէնը չունի “տրն” ձեւով “փայտ” իմաստով բառ, զոր “դիզելու” խնդիր դրուած ըլլայ “Տերնտես”-ի խորհուրդին մէջ, թէեւ խարոյկ վառելով շուրջը կը պտտին ու վրայէն կը ցատկին արարողութեան մասնակիցները։

Ամփոփենք, որ Տերնտեսը նախաքրիստոնէական արարողութիւն է, որ մեզի աւանդուած է հնագոյն ժամանակներէ, եւ մտած է քրիստոնէական ծէսերու շարքը որպէս Տիառնընդառաջ, սակայն ոչ մէկ ուրիշ քրիստոնեայ ազգ չունի այսպիսի ծէս, ինչը կ՛ապացուցէ անոր վաղնջական եւ զուտ հայկական ըլլալու իրողութիւնը։

 

Մովսէս Նաճարեան